«Արցախը Մեր Բոլորին Կիզակէտն Է». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Հայաստան, Սփիւռք

Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն առիթով եւ Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունենալու նպատակով Արցախ գտնուղ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զրուցած է «Ապառաժ»-ի (Aparaj.am) հետ եւ ողջունած այն հանգամանքը, որ Համահայկական խաղերուն բացումը կը կատարուի Ստեփանակերտի մէջ:

«Համոզուած եմ, որ ասիկա յատուկ նշանակութիւն ունի, նոյն այդ պատճառով մենք տարեսկիզբին ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը գումարեցինք Ստեփանակերտի մէջ: Արցախը մեր բոլորին կիզակէտն է. Արցախի համար բոլորս ընելիք ունինք: Ինչպէս բազմիցս յայտարարած ենք, մեր երկրի զարգացման ուղին պէտք է հիմնուած ըլլայ «Զարգանալ՝ չզիջելով» գաղափարախօսութեան վրայ: Եւ ուրախ եմ ըսելու, որ զարգացման այս ուղիին շուրջ համախոհութիւնը նկատելի է համահայկական առումով»,- նշած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Անդրադառնալով նախօրէին Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ մարմնակրթութիւնը ինքնին միացնող ազդակ է եւ Համահայկական խաղերուն ընթացքին անիկա պէտք է ըլլայ միասնականութեան նոր դրսեւորում եւ ամբողջական հայութեան խանդավառութեան առարկայ:

«Ես անձամբ ներկայ էի հանրահաւաքին: Մեզի համար մտահոգիչ էր, որ բացման արարողութենէն առաջ տեղի ունեցած հանրահաւաքը քաղաքականացուեցաւ: Կ՛ողջունենք Արցախի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին ելոյթներուն մէջ միասնականութեան շեշտադրումը: Սակայն Դաշնակցութիւնը այն տեսակէտը ունի, որ անիկա պէտք է ըլլայ համոզումով, իրական միասնականութիւն՝ առանց քաղաքական շահադիտութեան»,- ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը։