Ներկայացուցիչներու Տան 89 Անդամներ Կը Միանան Արցախի Նպաստը Կասեցնելու Թրամփի Վարչակազմի Որոշումը Փոխելու Ջանքին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը արագ եւ ազդեցիկ յանդիմանութեամբ մը հակազդեց Արցախի ականազերծման նպատակին տրամադրուող աջակցութիւնը կասեցնելու Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի ջանքին, երբ 89 քոնկրեսականներ իրենց ստորագրութիւնը դրին ներքեւը քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմընի եւ Թի. Ճէյ. Քոքսի հեղինակած այն նամակին, որ վարչակազմէն կը պահանջէ պահպանել Արցախի տրամադրուող այս կենսական նպաստը։

24 նահանգներէ եկող նշեալ քոնկրեսականներուն մէջ կան ազդեցիկ յանձնախումբերու ատենապետներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք հազարաւոր նամակներ եւ հեռաձայնային պատգամներ ստացած էին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կոչին անսացող ամերիկահայ քաղաքացիներէ, Արցախի ականազերծման ջանքերուն ի նպաստ։

«Յատկանշական է, որ միայն մէկ շաբթուան ընթացքին, երբ Քոնկրեսը արձակուրդի մէջ էր, կարելի եղաւ ապահովել աջակցութիւնը 89 քոնկրեսականներու, որոնք յստակօրէն կ՛ընդդիմանան Արցախին ուղղակի օժանդակութիւն տրամադրելը կասեցնելու Թրամփի վարչակազմին փորձին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմընին եւ Թի. Ճէյ. Քոքսին՝ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ աւելցնելով, որ Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողները եւս վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին այս նպատակով բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցան քոնկրեսականներու անձնակազմերուն անդամներուն հետ։

Իրենց կարգին, նշեալ երկու քոնկրեսականները շեշտեցին, թէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն նպաստող ամերիկեան այս աջակցութիւնը պէտք է շարունակուի, յիշեցնելով, որ միայն անցեալ Ապրիլին Թրամփի վարչակազմի անդամ մը խոստացած էր իր լրումին հասնցնել ականազերծման արշաւը, որ կ՛իրականցուի «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան միջոցաւ։

Միւս կողմէ, ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ ստորագրահաւաքի նման արշաւի մը սկսած է՝ Ծերակոյտի իր պաշտօնակիցներուն աջակցութիւնը ապահովելու եւ Արցախի ականազերծման նպատակով տրամադրուելիք օժանդակութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելու համար։

Արցախի ականապատ տարածքները մաքրելու եւ անոր կենսական այլ աջակցութիւններ տրամադրելու ջանքերուն զօրակցելու համար՝ ձեր ձայնը կարելի է ձեր շրջանը ներկայացնող ծերակուտականին լսելի դարձնել՝ այցելելով  anca.org/call կայքէջը: