Կլենտէյլի Հայ Դատը Պիտի Մեծարէ Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեանը Եւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը

Սփիւռք

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը իր տարեկան մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը պիտի իրականացնէ Կիրակի, 25 Օգոստոսի երեկոյեան, քաղաքին «Ռենըսանս» սրահին մէջ:

Ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ մեծարելու շարք մը անձնաւորութիւններ եւ տեղական կազմակերպութիւններ, որոնք նպաստած են հայ համայնքին եւ Կլենտէյլ քաղաքին:

Այս տարուան մեծարեալներուն շարքին է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, որուն պիտի շնորհուի Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակը։

Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1965ին։ Ան իր կեանքը նուիրած է համայնքին ծառայութեան, նախ Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ ուսանելով, ապա իբրեւ անդամ ՀՄԸՄի Լիբանանի մեծ ընտանքին, ինչպէս նաեւ իբրեւ դպիր իր ծննդավայրին՝ Ս. Սարգիս եկեղեւոյ մէջ։

1984ին ան Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է իր ընտանիքին հետ, յաճախելով Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանը։ Այնուհետեւ ան սկսած է Արեւմտեան թեմին կազմակերպած քահանայական յատուկ դասընթացքներուն հետեւելու։ 1988ին ան ամուսնացած է Անահիտ Ճապուրեանի հետ եւ ամոլը բախտաւորուած է երկու զաւակներով՝ Թամար եւ Շահան։ Զաւակները եւ փեսան՝ Դանիւէկ Հասէրչեան, ներկայիս համայնքին գործօն անդամներէն են։

Քահանայ օծուելէն ետք, ան նախ ստանձնած է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեւոյ հոգեւոր հովիւի առաքելքութիւնը (1993էն 1999)։ 1999էն ի վեր ան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն մէկն է։

Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան նաեւ կրօնք եւ բարոյագիտութիւն դասաւանդած է Փիլիպոս եւ Շամլեան վարժարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ կապը հանդիսացած է Ազգային առաջնորդարանին եւ ՀՄԸՄի միջեւ ու հոգեւոր սպասարկութիւններ կը մատուցէ նաեւ «Մեմորիըլ» եւ «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցներուն, որոնցմէ առաջինին հոգաբարձական կազմին անդամ է։ Ան խորհրդատուական եւ հոգեւոր սպասարկութիւններ տրամադրած է նաեւ Կլենտէյլի ոստիկանութեան։

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը իր Վուտրօ Ուիլսընի անուան «Հանրային Սպասարկութեան» մրցանակը պիտի յանձնէ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան, քաղաքին մէջ մատուցած հանրային իր սպասարկութիւններուն միջոցաւ ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն ջատագովելուն համար։

Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւնը հիմնուած է 30 Օգոստոս 1991ին, նպատակ ունենալով հայկական մշակութային արժէքներու տարածումը ապահովել։

Ներկայիս առաւել քան 400 անդամներ, 8 յանձնախումբեր եւ 3 ենթայանձնախումբեր ունեցող միութիւնը տարեկան միջին հաշուով 50 ձեռնարկներ կ՛իրականացնէ եւ հպարտ է յատկապէս միջազգային ճանաչում ապահոված իր երգչախումբին իրագործումներով եւ համայնքին մատուցած իր այլազան սպասարկութիւններով։

Միութիւնը իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ երիտասարդութեան յատուկ նախաձեռնութիւններուն վրայ, եւ անոր մանկական «Արենի» պարախումբը համայնքին կողմէ սիրուած եւ փնտռուած պարախումբերէն մէկը կը հանդիսանայ։

2007ին հիմնուած միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը կու տայ հայկական ժողովրդային եւ դասական երաժշտութեան նուիրուած համերգներ եւ անոնց շնորհիւ արժանացած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկեայ շքանշանին, երբ ելոյթը ունեցած էր Երեւանի մէջ, 2014ի Երգչախումբերու համահայկական փառատօնին, ա-նիկա պիտի մասնակցի նաեւ այս տարուան փառատօնին։

Միութեան Գրա-կան յանձնախումբը տարեկան երկու առիթներով կը հրապարակէ իր «Լրատու» պարբերաթերթը։ Միութիւնը կրթանպաստներու ճամբով կը նպաստէ հայ ուսանողներու բարգաւաճման ջանքերուն, բարեսիրական շարք մը այլ նախաձեռնութիւններու դիմելու կողքին։

Այս բոլորը կ՛իրականցուին կամաւորներու նուիրեալ ջանքերուն միջոցաւ։

Նշենք, որ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ Կլենտէլի Երիտասարդ քրիստոնեաներու կանանց միութիւնը (YWCA), «Ասպարէզ» օրաթերթը, Լենա Քորթոշեան եւ Նիքոլեթա Սարգիսեան։

Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց, տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան առիթներուն ծանօթանալու համար՝ այցելել www.ancaglendale.org/award2019 կայքէջը։