Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Հայրենի Հողը Կանչում Է Մեզ» Խորագիրով Ասմունքի Փառատօնը

Այլեւայլ, Հայաստան

29 Յուլիս-2 Օգոստոս, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ասմունքի համահայկական 8-րդ փառատօնը, որուն մասնակցեցան 9-18 տարեկան 130 պատանիներ Արցախէն, Հայաստանէն, Ջաւախքէն, Ռուսիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Փառատօնին հովանաւորն էր Հայ կրթական հիմնարկութիւնը՝ գլխաւորութեամբ բարերար Ալեք Պաղտասարեանի, որուն անմիջական ներդրումներով Ջաւախքի խումբը կրցաւ մասնակցիլ փառատօնին, որ նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին եւ կը կրէր «Հայրենի հողը կանչում է մեզ» խորագիրը:

Այս տարուան փառատօնին Ջաւախքէն կը մասնակցէին Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի երիտասարդական կրթական-մշակութային կեդրոններու 10 աշակերտներ, որոնք ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Վահագն Դաւթեանի եւ այլ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններ։

Դատական կազմը փառատօնի 130 մասնակցողներէն յաղթող նկատեց երկու տարիքային ( 9-13 եւ 14-18 տարեկաններ) խումբերու 8 մասնակցողներ:

Ջաւախքէն 10 տարեկան Զոյա Ղարսլեան արժանացաւ 3րդ կարգի վկայականի, բազմաթիւ յուշանուէրներու եւ գիրքերու: Իսկ միւս մասնակցողները արժանացան պատուոյ գիրերու, յուշանուէրներու եւ գիրքերու: Նուէրներ տրուեցան նաեւ Արցախի մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ «Գուրգէն Մելիքեանի՝ Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքների հիմնադրամ»ին կողմէ:

Փառատօնին մասնակցողներուն համար կազմակերպուեցան շրջապտոյտներ դէպի Արցախի պատմամշակութային վայրեր: Ջաւախքէն մասնակցողները այցելեցին նաեւ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզը, ուր տնօրէն Նելլի Ղուլեան ներկայացուց նորակառոյց մանկապարտէզին հիմնադրման պատմութիւնը եւ «Հովանաւորներու ծառ»ին մանրամասնութիւնները:

Մասնակցողները շրջեցան մանկապարտէզի բոլոր բաժիններուն մէջ եւ զրուցեցին փոքրիկներուն հետ: Անոնք նաեւ այցելեցին Ստեփանակերտի նորաբաց եկեղեցին: