Համահայկական 7-րդ Խաղերու Բացման Արարողութիւնը Կը Յաւակնի Դառնալ Լաւագոյնը

Հայաստան, Սփիւռք

Համահայկական ամառնային խաղերու կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան վստահ է, որ 7-րդ խաղերը պիտի ըլլան լաւագոյններէն, իսկ բացման արարողութիւնը, Զաքարեանի կարծիքով, կը յաւակնի դառնալ խաղերու 20-ամեայ պատմութեան ընթացքին լաւագոյնը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Զաքարեանը ըսած է Օգոստոս 6-ին լրագրողներու հետ կայացած զրոյցին ընթացքին:

«Համահայկական 7-րդ խաղերուն կը մասնակցի 35 պետութիւն եւ 161 քաղաք: 17 մարզաձեւ է, 105 մետալ պիտի խաղարկուի: Արցախի մէջ պիտի ըլլայ խաղերու բացման արարողութիւնը, եւ 5 մարզաձեւ մինչեւ ամսու 7-ի օրուան աւարտը: Ամսու 8-էն պատուիրակութիւնները պիտի տեղափոխուին Երեւան: Օգոստոս 9-ին պիտի սկսի խաղերուն երկրորդ մասը, Օգոստոս 17-ին հանդիսաւոր փակումը տեղի պիտի ունենայ Թատերական հրապարակին վրայ: Արցախի հանգամանքն է բացառիկ, որովհետեւ Արցախի մէջ իրականացնելը ունէր որոշ բարդութիւն, կային նաեւ որոշ վտանգներ, բայց հիմա վստահ կրնամ ըսել, որ ամէն ինչ անցեալի մէջ է, եւ այս խաղերը պիտի ըլլան Համահայկական խաղերու 20-ամեայ պատմութեան լաւագոյն խաղերէն, իսկ բացման արարողութիւնը կրնայ ըլլալ նաեւ լաւագոյնը: Բացման արարողութիւնը շատ գեղեցիկ պիտի ըլլայ»,- ըսած է Զաքարեան:

Ան նշած է, որ խաղերուն մասնակցելու համար ժամանած է շուրջ 5244 հոգինոց պատուիրակութիւն: Արցախ ժամանած են նաեւ մարզիկներու հարազատներն ու Սփիւռքէն հիւրեր, որոնք պիտի մասնակցին խաղերու բացման արարողութեան: