Ախթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Ամէնամեայ Պատարագը Այս Տարի Պիտի Մատուցուի Սեպտեմբեր 8-ին

Աշխարհ, Էրկիր

Վանայ լիճի Ախթամար կղզիին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերաբացուելէն յետոյ 7-րդ անգամ կը պատրաստուի ամէնամեայ պատարագին: Վկայակոչելով թրքական աղբիւրը՝ Akunq.net կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան Նախարարութեան արտօնութեամբ՝ 2010-էն ի վեր ամէն տարի կազմակերպուող պատարագի նախապատրաստական աշխատանքները արդէն սկսած են: Պատարագը այս տարի պիտի մատուցուի 8 Սեպտեմբերին: Արարողութեան մասնակցիլ փափաքողները արդէն սկսած են պանդոկներու մէջ տեղ ապահովել:

Թրքական կայքէջը, բնականաբար չի յիշատակեր, որ Վասպուրականի թագաւոր Գագիկ Առաջինի կողմէն կառուցուած Սուրբ Խաչ եկեղեցին հայկական է, այլ կը բաւարարուի միայն յիշելով, թէ եկեղեցին մեծ նշանակութիւն ունի հայերուն համար: