Կլենտէյլի Հայ Դատը Իր «Հայ Դատ» Մրցանակը Պիտի Շնորհէ «Ասպարէզ»-ին

Սփիւռք

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը իր տարեկան մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը պիտի իրականացնէ Կիրակի, 25 Օգոստոսի երեկոյեան, քաղաքին «Ռենըսանս» սրահին մէջ: Ձեռնարկը առիթ մըն է մեծարելու շարք մը անձնաւորութիւններ եւ տեղական կազմակերպութիւններ, որոնք նպաստած են հայ համայնքին եւ Կլենտէյլ քաղաքին:

Այս տարուան մեծարեալներու շարքին է «Ասպարէզ» օրաթերթը, որուն պիտի շնորհուի Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին «Հայ Դատ» մրցանակը, լուսարձակի տակ առնելու եւ գնահատելու համար Հայկական Հարցին եւ համայնքի հայութեան բարգաւաճման ջանքերուն անոր օրինակելի եւ աննկուն նուիրումը։

1908-ին Ֆրեզնոյի մէջ ծնունդ առած թերթը 1970-ականներու սկիզբը Լոս Անճելըս փոխադրուած է, գլխաւորապէս սպասարկելով Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու առնուազն 500,000 հայութեան, իբրեւ միակ երկլեզու օրաթերթը, հայերէնով լոյս տեսնելով շաբաթը հինգ օր՝ Երեքշաբթիէն Շաբաթ, իսկ Շաբաթ օրերը նաեւ անգլերէնով։

Հետեւելով իր հիմնադիրներուն սկզբունքներուն՝ «Ասպարէզ»-ը կը շարունակէ ըլլալ համայնքին համար լուրերու եւ տեղեկութեանց կարեւոր աղբիւրը, վայելելով համայնքին վստահութիւնը։

Ինչպէս 1908-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարիներուն եւ անոր յաջորդած Խորհրդային Հայաստանի օրերուն ու Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին,  ներկայիս եւս ամերիկահայութիւնը մօտէն կը հետեւի Հայաստանի իրադարձութեանց, որոնց կողքին «Ասպարէզ»ը նաեւ ստանձնած է համայնքը քաղաքական գործի մղելու դերակատարութիւնը, մօտէն գործակցելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, նոյն ժամանակ հանդիսանալով կարծիքներու փոխանակման եւ քննադատութեանց կարեւոր հրապարակ մը։

«Ասպարէզ»ի անգլերէն տարբերակը առաջին անգամ 1 Մայիս 1970-ին լոյս տեսած էր, իսկ 1997-էն ի վեր թերթը նաեւ համացանցի միջոցաւ հասանելի է աշխարհի տարածքին

(www.asbarez.com)։

Նշենք, որ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ՝ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը,

Կլենտէյլի Երիտասարդ քրիստոնեաներու կանանց միութիւնը (YWCA), Լենա Քորթոշեան եւ Նիքոլեթա Սարգիսեան։

Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց, տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան առիթներուն ծանօթանալու համար՝ այցլելել www.ancaglendale.org/award2019 կայքէջը։