Գայիանէ Մածունեան Կը Նշանակուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Լիբանանի Մէջ Ծրագիրներու Պատասխանատու

Սփիւռք

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը մշակած է նոր ռազմավարութիւն մը՝ ուղղուած յատկապէս Լիբանանի մէջ իր գործունէութեան: Հիմնարկութեան 2019-2023 հնգամեայ ծրագիրէն (հրապարակելի 2019ի աշնան) բխած այս ռազմավարութիւնը կը վերահաստատէ Հայկական բաժանմունքին յանձնառութիւնը Լիբանանի հայկական կառոյցներուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հանդէպ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով արեւմտահայերէնին:

Լիբանանի մէջ կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու նպատակով, բաժանմունքը Գայիանէ Մածունեանը կը նշանակէ ծրագիրներու պատասխանատու:

«Շատ ուրախ ենք, որ պիտի համագործակցինք Գայիանէ Մածունեանի հետ։ Գայիանէն, մասնագիտացած է մանկավարժական ոլորտին մէջ, ունի կազմակերպչական մեծ հմտութիւններ եւ մօտէն կը ճանչնայ լիբանանահայ գաղութը։ Ասոնք շատ կարեւոր տուեալներ են հիմնարկութեան համար: Գայիանէն պիտի համագործակցի գաղութի բոլոր կառոյցներուն հետ, ապահովելու համար հիմնարկութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը», ըսաւ բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան:

Լիբանանահայութիւնը արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հիմնական ազդակներէն է: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը առ այդ կը հաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ օժանդակելու Լիբանանի մէջ լեզուի կենսունակութեան, կեդրոնանալով նորարար ծրագիրներու եւ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու վրայ: Ասիկա կ՛ենթադրէ տեղական մասնակցութիւն եւ համագործակցութիւն, շօշափելի արդիւնքներ ապահովելու համար: Ուստի, իւրաքանչիւր դպրոցի փոքր նպաստ մը տալու փոխարէն, հիմնարկութիւնը նպատակադրած է օժանդակել յատուկ ծրագիրներու, որոնք Լիբանանի հայկական կրթական համակարգի անհրաժեշտ պէտքերը կը հոգան: Այս ռազմավարութիւնը հիմնուած է առկայ պահանջներուն եւ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ հիմնարկութեան կատարած ախտորոշումներուն վրայ: Ռազմավարութիւնը կ՛եզրափակուի հետեւեալ նշումով՝ անհրաժեշտ է «տեսլական մը ունենալ՝ նոյն ժամանակ ըլլալ իրատես. յառաջադէմ ըլլալ՝ նոյն ժամանակ լաւ հասկնալ տեղւոյն իրականութիւնները եւ կառոյցները», որպէսզի ապահովուի արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը եւ Լիբանանի կրթական համակարգի զարգացումը:

Ռազմավարութիւնը բաղկացած է հինգ հիմնասիւներէ, որոնք կը կեդրոնանան՝ դպրոցներուն սատարելու, ուսուցիչներ պատրաստելու եւ վերապատրաստելու, լեզուական ծրագիրներ մշակելու ու անոնց մշակման օժանդակելու, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն ստեղծագործական միտքը եւ աշխատանքը քաջալերելու վրայ։ Ռազմավարութիւնը կը խտանայ, հետեւեալ հինգ կէտերուն մէջ.

  1. Համագործակցիլ Լիբանանի հայկական դպրոցներուն հետ եւ շարք մը ծրագիրներու միջոցով օժանդակել անոնց.
  2. Կրթաթոշակներ յատկացնել կրթութեան ոլորտին մէջ մասնագիտանալ փափաքող հայ ուսանողներուն.
  3. Քաջալերել եւ սատարել արեւմտահայերէնով ստեղծագործել փափաքող երիտասարդներուն.
  4. Օժանդակել արեւմտահայերէնի կենսունակութեան վերաբերող առկայ որոշ նախաձեռնութիւններու:
  5. Օժանդակել Յատուկ կրթութեան ոլորտին:

Հայկական բաժանմունքի Լիբանանի ռազմավարութիւնը պիտի կիրարկուի Սեպտեմբեր 2019էն սկսեալ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել gulbenkian.pt/armenian-communities կայքը։