Մարդկութիւնը Կը Կարօտի Նոր Յեղափոխութեան Մը – Գ. Մա՛րդը Պիտի Բերէ Լուծումները

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Աշխարհն ու մարդկութիւնը այսօր համընդհանուր տագնապի մատնող գործօններն ու անոնց տուն տուող զարգացումներուն հակիրճ իրազեկումը անհրաժեշտ ենթահողը կը կազմեն այն լուծումներուն ու հորիզոններուն, որոնք կը բացուին, պէ՛տք է բացուին մարդուն դիմաց, ընդգրկելով զուգահեռաբար՝ անհատ երկիրներ ու ցամաքամասեր, հասնելու համար  համաշխարհայնացման համահունչ յեղափոխութեան, սակայն ո՛չ այն տրամաբանութեամբ, որ աւելի քան դար մը առաջ աշխարհին հրամցուեցաւ համայնավարներուն կողմէ, այլ անհատներու, երկիրներու եւ ազգերու միջեւ համերաշխ գործակցութեան, զարգացման-բարգաւաճման համաչափութիւն ստեղծելու յղացքով, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ եւ կարելի հաւասարակշռութիւնը իրականացնելու տրամաբանութեամբ։ Նման առաջադրանք, որքան ալ որ երեւակայածին ու իտէալական թուի, անխուսափելի ուղի է մարդուն համար, որովհետեւ այլընտրանքը պիտի նշանակէ կամովին անդարմանելի թողուլ դասակարգերու-երկիրներու միջեւ գոյացած տարբերութիւններն ու խորացող վիհերը, որոնց հետեւանքներուն համար կարելի չէ մեղադրանքներ շռայլել… արտերկրայիններու, ոչ ալ բաւականանալ քննադատելով այս կամ այն երկիրին պատկեր-առաջնորդը։

Ախտաճանաչումներ, անցեալի փորձառութեանց վերաքաղը ընելու չափ, անկէ՛ ալ աւելի՝ կարեւոր են լուծումներու որոնումը, դարմանումի պատկերացումներու համընդհանուր յղացքը։ Եւ ինչպէս որ այսօրուան աշխարհը յուզող իրավիճակին՝ մեր արծարծած նիւթին բովանդակութեան մէջ՝ արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն դիմաց, աճող անպատեհութիւններուն մասին խօսեցանք ուրուագծային մօտեցումով, ապա՝ նոյնպէս ուրուագծային պատկերով անդրադարձանք վերջին դարերուն առնուած՝ հակակշռումի ու դարմանումի քայլերուն, պայքարներուն, այդպէս ալ ուրուագծային մօտեցումով պէտք է խօսինք հետզհետէ բարդացող վիճակին լուծման հնարաւորութիւններուն մասին, առանց որոնց, որեւէ ընդհանրական ակնարկ պիտի մնայ կիսատ, չըսելու համար՝ անիմաստ։ Բժիշկը արժէք չþունենար, եթէ բաւականանայ հիւանդին ըսելով, թէ իր ցաւը ինչի՛ հետեւանք է եւ ինչպիսի՛ պատմութեան մը ծնունդ։

Այլ խօսքով, ինչպէս որ Ճարտարարուեստի Յեղափոխութեանց ու անոնց քովն ի վեր զարգացող նորարութիւններուն ստեղծած՝ ընկերային տագնապներուն դիմագրաւման փուլերուն, այսօր ալ մարդը՝ երկիրներ, կազմակերպութիւններ, հաւաքականութիւններ ու, մէկ խօսքով՝ ընկերութիւնը կազմող ՝՝ընտանիքները՝՝ հրաւիրուած են պահ մը վե՛ր կանգնելու զիրենք օր աւուր տագնապեցնող (այլապէս ոչ-արհամարհելի ու անտեսելի) իրադարձութիւններէն՝ աղէտներ, ռազմական իրադարձութիւններ, քաղաքական բարդութիւններ եւ այլն, նախ՝ տեսնելու, թէ ինչպիսի՛ վիճակ ստեղծուած է եւ այդ հոսանքը դէպի ո՛ւր կը տանի զանգուածները. նման մօտեցում, ինքնին, առաջին քայլն ու նախա-երաշխիք մը՝ լուծման միջոցներու որոնման։

ԹՈՒԱՐԿԵՆՔ ՔԱՆԻ ՄԸ ԿԷՏ

Առաջադրուած ու ցանկալի յեղաշրջումը կարելի չէ իրականացնել միայն մէկ երկրի, մէկ ցամաքամասի կամ որոշ ոլորտներու մէջ, այլ անիկա կը կարօտի քաղաքական-ընկերային-տնտեսական եւ զուգահեռ բոլոր ոլորտներուն մէջ հորիզոնական ու ուղղահայեաց շարժումներու, որոնք պիտի ըլլան զիրար լրացնող, եւ ոչ թէ խաչաձեւող ու ջլատող, մէկը միւսին ներուժը յումպէտս սպառող։ Դժուար, բայց ոչ անկարելի առաջադրանք։

Նման շարժումի մը ամէնէն տարրական նախադրեալը այն է, որ մարդը, անհատաբար թէ հաւաքաբար, վերականգնէ այն գիտակցութիւնը, որ աշխարհն ու անոր բարիքները մարդուն համար են, եւ ո՛չ թէ հակառակը. անոնք պէտք է ըլլան իր կեանքը բարելաւող տուեալներ, եւ ո՛չ թէ տագնապի, մտահոգութիւններու եւ ի վերջոյ տանջանքի-անյուսութեան մատնող գործօններ. ու մարդը պէտք է վերականգնէ իր այն գիտակցութիւը, թէ ԻՆՔ ԱՆԿԱՐՈՂ ԿԱՄԱԿԱՏԱՐԸ ՉԷ դէպքերուն ու չարաշահող փոքրամասնութեան մը, ի՛նչ անունով ալ որ ներկայանայ ան, թէ՝ ընկերային արդարութիւնը ի՛նք պիտի իրականացնէ, եւ կարողութիւնը ունի՛ զայն իրականացնելու, կիրարկելով իսկական ժողովրդավարութիւն եւ կարելիին հաւասարութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը կենսագործող՝ Ընկերվարութիւն։ Փաստօրէն, այսօր, ամէնէն ժողովրդավար ու մարդկային իրաւունքներ յարգող իշխանութիւններն անգամ ենթակայ են այն յորձանուտին, որ ստեղծուած է նիւթական կարողութիւններու վրայ տիրապետութիւն հաստատած փոքրամասնութեան մը կողմէ, որ ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով, եւ նոյնինքն ժողովրդավարական ՝՝մեքենայութիւններով՝՝ (օրէնքներու մշակում, զանոնք խորհրդարաններու մէջ վաւերացում, ժողովուրդի քուէին ապահովում եւ այլն) զանգուածը դարձուցած է իր կամքին խաղալիքը, իրողական աւատը եւ նորօրեայ ստրուկը (ստրկատիրութիւնը վերաձեւաւորուած է եւ… օրինականացած)։

Նման շարժում իրականացնելու համար, իրազեկութիւնը, ըսինք, միայն նախադրեալ մըն է ու նախաքայլ մը, ո՛չ իսկ գործնական քայլ։ Գործը կը սկսի անկէ անդին, իրավիճակը բարեփոխելու ձգտող՝ կազմակերպ քայլերով ու հետեւողական պայքարով։ Անցեալին, բանուորին, երկրագործին թէ համակարգերու մէջ գործող պաշտօնեային՝ աշխատաւորին իրաւունքները պաշտպանելու համար կազմուած են խմբաւորումներ՝ արհեստակցական միութիւններ, մասնագիտական ընկերակցութիւններ ու նման ազդու միաւորներ, օր մըն ալ հասած են աշխարհընկալ կազմակերպութիւններու տարածքին (օրինակի համար՝ ՄԱԿի որոշ միաւորները)։ Անոնք պատմութեան որոշ փուլերուն անփոխարինելի եւ բարեփոխող ազդակներ դարձած են եւ նպաստած՝ աշխատողին իրաւունքներուն պաշտպանութեան, բարօր ապրուստ ապահովելու գործընթացին արդիւնաւորման։ Այսօր, նման միաւորներ ընդհանրապէս կիսատամ, չըսելու համար ատամնազուրկ  դրութիւններ դարձած են՝ նոյնինքն տիրապետողներու մեքենայութեանց ու քողարկուած սադրանքներուն, ինչո՞ւ չէ նաեւ իրաւունք հետապնդողներու ինքնավստահութեան նահանջին հետեւանքով (չմտնենք վարձկանութեան ոլորտը…)։ Ամէնէն պարզ օրինակը՝ մամուլին պարզած վիճակն է. մամուլը, որ ընդհանրապէս դրօշակիրը եղած է սխալներու մատնանշման ու բարեփոխումներու հետապնդման, ներգրաւած է իսկական մտաւորականները՝ տարածելով անոնց լուսաւոր միտքերը, այսօրուան աշխարհին մէջ ընդհանրապէս վերածուած է պետական մեքենաներու ու անոնց ետին կանգնող փոքրամասնութեանց շահերուն պաշտպանը. չենք անտեսեր արդարատենչ փոքրամասնութիւն մը, որուն ձայնը կը խլացուի զանգուածայինին կողմէ։ Այս կամ այն երկիրն մէջ, աշխատաւորական համախմբումներու բողոքի քայլերը՝ գործադուլ, արդար պահանջներու հետապնդման տարբեր միջոցներ, հազի՜ւ թէ շօշափելի արդիւնքներու կը հասցնեն պահանջատէրը։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, մօտաւորապէս տասնեակ մը տարիներ առաջ, մասնաւորաբար 2008-ի ՝՝անկում՝՝ին շեշտաւորած անհաւասարութեան պատկերին դիմաց, ստեղծուեցան ՝՝99 առ հարիւրը ընդդէմ մէկ առ հարիւրին՝՝ նման շարժումներ, որոնք յանդգնեցան մտածել Ուոլ Սթրիթը կամ այլ խորհրդանիշ եղող հաստատութիւններ գրաւելու մասին, մինչեւ իսկ արիւնահեղութիւն տեղի ունեցաւ, իսկ վերջին մէկ տարուան ժամանակամիջոցը նկատի ունենալով՝ Ֆրանսան յուզումի ենթարկուեցաւ ՝՝Դեղին բաճկոնաւորներ՝՝ու ծանօթ շարժումով, այս կամ այն երկրին մէջ օդակայան մը, դրամատնային հաստատութիւն մը կամ հանրութեան կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունեցող համակարգերու մէջ արձանագրուող գործադուլերով (այս բովանդակութեան մէջ կարելի չէ դիտել ՝՝Արաբական Գարուն՝՝ը, Հոնկ Քոնկն ու այլ երկիրներ փոթորկող ցոյցները)։ Անոնք, սակայն, ընդհանրապէս դատապարտուած մնացին ապարդիւն մնալու կամ կիսատ-պռատ արդիւնքներ արձանագրեցին, մինչդեռ անդին… անգործութեան ցունամիները աւելի ազդու կերպով կը տարածուին երկրէ երկիր, ցամաքամասէ ցամաքամաս, աշխատանքի այս կալուածէն դէպի միւսը՝ դրամատուն, գեր-վաճառատուներ, ինքնաշարժներու արտադրութեան կամ այլ հսկայական գործարաններ եւ այլն։ Որոշ երկիրներու մէջ, անգործութեան մատնուողին քանի մը ամիս պետական նպաստ տրամադրելու ա՛յլապէս արդար դրութիւնը մխիթարական շատ բան չունի, յաճախ կը յետաձգէ… տնազրկութիւնը։

Անցեալին, երբ մեքենան գրաւեց մարդուն տեղը ու շատերը մատնեց գործազրկութեան, լուծման միջոցներէն մէկն ալ եղաւ աշխատանքի ժամերու կրճատումը։ Օրական 8 ժամ աշխատանքի դրութիւնը այսօր քիչ թէ շատ ընդունուած է աշխարհի տարածքին, անկախ տուեալ երկրին վարչական դրութենէն։ Այսպէսով, անընդհատ բանող՝ շաբաթը 7 օր եւ օրը 24 ժամ աշխատող գործարանները առիթ ստեղծեցին, որ առ նուազն երեք խմբաւորումներ՝ 8-ական ժամով, գործ ունենան իրենց յարկին տակ։ Այսօր, պէտք է մտածել աշխատանքի ժամերու նման կրճատումի մասին. օրինակ, օրական 6 կամ 4 ժամուան աշխատանք, առանց անշուշտ վարձատրութեան կրճատումի (Օ՜, ինչպէ՞ս կարելի է՜…). տակաւին, կարելի է որդեգրել շաբաթը 2 կամ երեք օր աշխատանքի դրութիւն՝ նմանապէս առանց վարձատրութեան կրճատումի, որպէսզի աւելի մեծ թիւով աշխատողներ՝ վկայեալներ կամ արհետներու մէջ մասնագիտացողներ հեռու մնան գործազրկումէ, յետոյ նաեւ ի՛սկապէս վայելեն մեքենային ու համակարգիչին ընծայած դիւրութիւններուն բարիքները։ (Աշխատատեղիէն հեռու՝ տունէն աշխատելու հնարաւորութիւնները նման դրութեան մը մէկ մանրամասնութիւնն են)։ Այլ ընտրանք մը կրնայ ըլլալ նպաստաւոր պայմաններով հանգստեան կոչումի տարիքին նուազումը։ Այլ խօսքով՝ մտածել եւ գործնական միջոցներ որոնել թէ՛ աշխատանքի եւ թէ անոր արդիւնք՝ արտադրութեան ու եկամուտի աւելի արդար բաժնեկցութեան մասին։ Իսկ արդար վարձատրուողը եւ ինքզինք ընկերապէս ապահով զգացողը՝ շուկաներու աշխուժացման ամէնէն լաւ երաշխաւորն է։

Ահա թէ ինչպիսի մարտահրաւէրի դիմաց կը կանգնին լաւագոյն աշխարհի մը կերտիչները։

ՓՇՈՏ ՀԱՐՑԵ՞Ր

Բնականաբար կը ծագին փշոտ հարցեր. եթէ հսկայական շահ ապահովող ընկերութիւններ, գործատուններ ու հաստատութիւններ կարողութիւնը ունին նման դրութեան անցնելու՝ պարզապէս իրենց ապահոված շահէն մաս մը բաշխելով, հատուցելով աշխատողին, իր շա՛հը արտադրողին, ի՞նչ կրնան ընել սահմանափակ կարողութիւններով ընկերութիւններ, հաստատութիւններ ու գործատուններ։ Հոն ալ լուծումը դժուար չէ (թէեւ ներկայ իրական պատկերին մէջ անիկա կը թուի երեւակայական, իտէալական ու անիրականանալի)։ Հոն, կարեւոր կը դառնայ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ, եւ ո՛չ թէ զայն վարող աներեւոյթ ձեռքերուն հաւասարակշռողի դերակատարութիւնը։ Հիմնական հարցը այն է, որ կայ արտադրութիւն եւ արտադրողական կարողութիւն, որ աւելի քան բաւարարող է, պէտք է նաեւ վերահսկող պետութեան կողմէ յանձանձուի այնպէս մը, որ անկէ ապահովուող բարիքները՝ եկամուտները, աւելի՛ արդար ու համաչափ կերպով բաշխուին ընկերութեան մեծ ու փոքր միաւորներուն վրայ։ Մանրամասնելով՝ մարդկութիւնը պէտք է հետամտի հարկային, շահատուրքերու ի՛սկապէս արդար դրութեան մը. եւ ինչպէս որ որոշ գործ մը կազմակերպող հայր մը իր գործին կը մօտենայ (տրամաբանօրէն) այնպէս մը, որ անկէ ձեռք բերած շահը իբրեւ բարիք բաշխէ իր զաւակներուն ու ընտանիքին անդամներուն, իր զաւակներն ալ ներգրաւէ այդ աշխատանքին մէջ ու ապահովէ անոնց բարեկեցութիւնը, միաժամանակ՝ գործին ընդարձակումը, նոյնպէս ալ պետութիւններ ու անոնց գործերը համակարգող միջազգային կազմակերպութիւններ, միաւորներ՝ կը կանգնին համապատասխան վարմունքի հրամայականին դիմաց։ Սա հրաւէր չէ անիւի գիւտը վերստին կատարելու, այլ օգտուելու նոյնինքն մարդուն՝ անցեալի բարեշրջական միջոցառումներէն։

Կարելի է նաեւ աւելի տարածուն դարձնել այն դրութիւնը, որ այսօր շատ սահմանափակ կերպով կը կիրարկուի որոշ աշխատատեղիներու, գործարաններու մէջ։ Հոն, ընկերութիւնը չունի ՝՝գեր-հզօր, ամենակալ ու ամենակարող՝՝ վարչական մարմին, որուն անդամները ըլլային առաւելագոյն շահաւորները, այլ աշխատողները իրե՛նք մասնակից են տուեալ ընկերութեան ամբողջ գործունէութեան, իր բոլոր ենթաբաժանումներով։ Սա բաժնետոմսեր ունենալու դրութենէն շատ անդին կþանցնի եւ մեծապէս կը նպաստէ մէկ կողմէ՝ արտադրողականութեան, ու միւս կողմէ՝ ընկերային աւելի տանելի հաւասարութեան մը առաջացման։ Այս մասին շատ չի խօսուիր, նման յաջողութիւններ հեռու կը պահուին լուսարձակներէ, ընդհակառակն, ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի, որ անոնք երկար կեանք չունենան ու ձախողութեան մատնուին, որպէսզի ամրագրուի այն ՝՝տրամաբանութիւնը՝՝, որ մարդիկ՝ աշխատող զանգուածը կարողութիւն չունին հաւաքաբար նուաճումներ արձանագրելու, այլ անհրաժեշտ է, որ ՝՝ընտրանի՝՝ մը ըլլայ վարողն ու… առաւելագոյն շահերը ապահովողը (ալ ի՜նչ խօսք՝ հանգստեան կոչուող տնօրէնի մը վճարուող՝ քանի մը տասնեակ կամ հարիւր միլիոն տոլարի ՝՝երախտագիտութեան վարձատրութեան՝՝ մասին…)։

Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, աշխարհը մարտահրաւէրի դիմաց է վերատեսութեան ենթարկելու արտադրանքներու սակերը եւ զանոնք համապատասխան դարձնելու բոլոր աշխատողներուն։ Այսօրուան աշխարհին մէջ, եթէ աշխատողը միայն քանի մը անգամ աւելի մեծ գումար կþապահովէ իբրեւ հերթական աշխատավարձ, անդին, անոր գնած արտադրանքներուն գումարները բազմապատկուած են. անոր կը տրուի սղաճ անունը։ Անդին, պետական պիւտճէներու մէջ հետզհետէ աւելի՛ աչքառու կը դառնան ոչ-հանրօգուտ մարզերուն տրամադրուած պիւտճէներու յաւելումները, որոնք իրենց անփոխարինելի բաժինը կþունենան… անհատներու պարտքերուն յաւելումին մէջ. ի վերջոյ, պետութեան մը պարտքը կը բաշխուի անոր քաղաքացիներուն վրայ, իբրեւ յաւելեալ աներեւոյթ ՝՝պոչիկ՝՝ մը սղաճին։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Նման սիւնակներ բաւարա՞ր են պատկերելու անզգալաբար ծանրացող հարցերուն տարածքը, կամ՝ լուծում բանաձեւելու աշխարհատարած տագնապին։ Անշուշտ թէ ոչ։ Սակայն ատիկա պատճառ չէ, որ չմտածենք ու մարդն ալ մտածելու չմեղենք երկիրներ, ժողովուրդներ ու զանգուածներ տագնապի մատնող ՄԵԾ ՀԱՐՑԵՐու լուծման մասին։

Սահման չճանչցող նման տագնապներու դիմագրաւումը, ինչպէս նշեցինք, ընկերաբաններ, տնտեսագէտներ ու նման հարցերու մասնագէտները կը հրաւիրէ բարձրանալ Մոն Պլանի, Հիմալայեաններու, Ֆուճի Եամայի, Թիթիքաքայի, Արարատի նման բարձր գագաթներ, որպէսզի ո՛չ միայն տեսնեն իսկական համայնապատկերը աշխարհի իրականութեան, մեքենային դարաշրջանէն ետք՝ համակարգչային-թուայնացեալ աշխարհին բերած անպատեհութիւններուն, այլ մանաւանդ որոնեն ու գտնեն գործնական միջոցներ՝ նման տագնապներէ դուրս գալու, եւ մանաւանդ աշխարհն ու մարդակերտ հրաշալինքերը մարդուն բարօրութեան ի սպաս դնելու։

Այս բոլորը կարելի՞ են եւ իրականանալի՞։

Ինչո՞ւ ոչ, որքան ալ իբրեւ իտէալական ու երեազային դիտուին նման առաջարկեր ու առաջադրանքներ։ Ի վերջոյ, վերջին երկու-երեք դարերու պատմութիւնը՝ ընկրային արդարութեան ու համաչափութեան ի խնդիր ստեղծուած մտածումները, գաղափարներն ու բազմաճիւղ պայքարներէ ձեռք բերուած արդիւնքները բաւարար վկայութիւն են ու ենթահող՝ նոր իրագործումներու հասնելու։ Շատ մը իրագործումներ սկսած են երազներով…

Ատենին, նշանաւոր գիտնական-փիլիսոփայ մը՝ Ռընէ Տեքարթ, մատնուած էր այնպիսի վիճակի, որ կասկածով կը դիտէր ամէն բան, մինչեւ իսկ սկսած էր կասկածիլ թէ ինք իսկապէս գոյութիւն ունի՞, թէ՞ ամէն բան անուրջ է ու անիրական։ Յետոյ, ՄԻՏՔը զինք հասցուց գիւտի մը.  Cogito, ergo sum, որ կը նշանակէ՝ ՝՝Կը մտածեմ, ուրեմն կամ, գոյութիւն ունիմ՝՝, ու անկէ ետք լծուեցաւ լուծումներ որոնելու։

Այսօրուան յարաճուն տագնապներուն լուծումներն ալ պիտի ծնին մարդուն միտքէն, մեկնակէտ ու վախճանակէտ ունենալով ԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ, անոր անցեալի ու ներկայի հոլովոյթները։ Եթէ երէկ մեքենան էր մարտահրաւէր ուղղողը, այսօր համակարգիչը, թուայնացեալ արհեստագիտութիւնն ու մինչեւ իսկ վաղը մեր տուներէն ներս խուժելիք մարդամեքենան են։ Իսկ թէ աւելի հեռու տասնամեակները ինչե՞ր պիտի բերեն, սա այլ հարց է։ Ու երբ մարդը իրազեկ դառնայ թէ ի՛նք է իր վիճակին ու կարողութիւններուն տէրը, Cogito, ergo sum տրամաբանութեան հետեւողութեամբ կը յաջողի՛ տնօրինել իր՝ զանգուածին ճակատագիրը, վերականգնելով անժամանցելի արժէքներ, ինչպէս՝ իսկական ժողովրդավարութիւն եւ ընկերվարութիւն, ինքզինք կը ձերբազատէ անհակակշիռ ազատականութեան նման սին ՝՝գաղափարաբանութիւն՝՝ներէ։