Մուսա Լերան Հերոսամարտի 104-ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւն Ֆրեզնոյի Մէջ

Սփիւռք

Մուսա լերան հերոսամարտի 104-ամեակին, ինչպէս նաեւ Մուսա լերան հայութեան Այճնար տեղափոխադրութեան  80-ամեակին առիթով, Ֆրեզնոյի Մուսա Լեռ միութեան աւանդական տօնակատարութիւնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 31 Օգոստոսի շաբաթավերջին, Ֆրեզնոյի գաւառային ոստիկանութեան զբօսայգիին մէջ (7633 N. Weber Ave. Fresno, CA 93722):

Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ երկու օր տեւող արարողութեան ընթացքին դարձեալ պիտի հնչեն հայկական աւանդական տաւուլ զուռնան, հայկական երգ ու պար. մասնակցողներուն պիտի հրամցուի մուսալեռցիներու աւանդական հերիսան: Արարողութեան երկրորդ օրը պիտի մատուցուի Ս. պատարագ եւ տեղի պիտի ունենայ  հոգեհանգիստ եւ հերիսայի օրհնութեան արարողութիւն:

Յիշեցնենք, որ Մուսա լեռան ինքնապաշտպանութիւնը տեղի ունեցաւ 29 Յուլիս եւ 12 Սեպտեմբեր 1915-ի միջեւ: Աշխարհագրական դիրքին շնորհիւ տեղւոյն հայութիւնը մինչ այդ գրեթէ անմասն մնացած էր համիտեան հալածանքներէն, իսկ Յուլիս 1915-ի կեսերէն հակուած էր ինքնապաշտպանութեան գաղափարին: Երբ 26 Յուլիսին հրապարակուած էր հնգօրեայ ժամկէտի մէջ Քեսապի հայութիւնը տարագրելու հրահանգը, մուսալեռցիներուն մէկ մասը սկսաւ լեռնային դիրքերը բարձրանալու, իսկ ինքնապաշտպանութեան դիմելու որոշումը վաւերացուեցաւ 29 Յուլիսին, Եօղունօլուք գիւղին մէջ գումարուած ընդհանուր ժողովին ընթացքին։ Քանի մը օրէն Մուսա լեռ բարձրացան մօտաւորապէս 5000 հայորդիներ, թրքական բանակին յարձակումներուն դիմադրելով 53 օրեր եւ փրկուեցան ֆրանսիացի նաւաստիների կողմէ:

Մուսա լեռան պաշտպանութիւնը նկարագրուած է աւստրիացի գրող Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպին մէջ, որ թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու: