«Խաղաղութեան Մարտիկ» Մրցոյթի Լաւագոյն Կին Դիպուկահարը Հայաստանէն է

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ուսումնական կեդրոնի Տաւուշի մարզի բարձրլեռնային զօրավարժարանին մէջ իրականացուող «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցոյթին ծիրէն ներս կայացաւ «Դիպուկահար» մրցումը, որուն մասնակից տղամարդ եւ կին զինծառայողները կը կրակէին ԱԿ-74 ինքնաձիգով։

Մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը 100 մ տարածութեան վրայ պառկած, ծունկի եւ կանգնած դրութիւններէն 3-ական վայրկեանի ընթացքին 5-ական փամփուշտով պէտք է խոցեր երեքական թիրախ։ Վկայակոչելով Ռուսիոյ Հարաւային ռազմական շրջանի մամուլի ծառայութիւնը՝ Armenpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ կանանց մրցապայքարին յաղթած է Հայաստանի ներկայացուցիչը, տղամարդոց՝ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը։

«Խաղաղութեան մարտիկ» միջազգային բանակային խաղերուն յաղթողները եւ մրցանակակիրներուն անունները պիտի յայտարարուին մրցումի հանդիսաւոր փակման ընթացքին։

Նշենք, որ մրցոյթին կը մասնակցին Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Իրանի, Յունաստանի, Ղազախստանի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու ներկայացուցիչները:

Մրցումները կը կայանան Օգոստոս 3-14 Երեւանի, Դիլիջանի եւ Իջեւանի մէջ: Մասնակիցներն ուժերը կը չափեն ռազմամասնագիտական «Փրոֆեսիընըլ» (կողմնորոշում տեղանքին, մարտական պատրաստութեան համալիր վարժութիւններ, բուժօգնութեան կազմակերպում), ռազմամարզական «Աթլեթ», կրակային պատրաստութեան «Դիպուկահար», գրական-գեղարուեստական եւ պարային-երաժշտական «Տէր եւ տիկին», ռազմական պատմութեան գիտելիքներու ստուգման «Էրուդիտ» մրցաձեւերուն մէջ: