Ամերիկահայ Ճարտարագէտներու Եւ Գիտնականներու Ընկերակցութեան Գիտաժողովը Եւ Ցուցահանդէսը

Սփիւռք

Կլենտէյլի մէջ արդի արհեստագիտութեան զարկ տալու նպատակով կայանալիք «Արհեստագիտութեան շաբաթ» (14-21 Սեպտեմբեր) ընդհանուր ծրագիրի ծիրին մէջ, Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը նախաձեռնած է գիտաժողովի մը եւ ցուցահանդէսի մը կազմակերպման, որոնք տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր 15-17ի միջեւ։

Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին. կ.ե. ժամը 1էն 5, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ, որուն հասցէն է՝ 222 E. Harvard St.Glendale, CA 91205։ Այդ մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.facebook.com/events/872813083102067 կայքէջը։

Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 16-17 Սեպտեմբերին, կ.ե. ժամը 3էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (117 S. Louise St. Glendale, CA 91205)։ Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել

expo.aesa.org կայքը

0808AESA confկամ www.facebook.com/events/1251083071718585 կայքէջը։

Սոյն ձեռնարկներուն կազմակերպման մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել այս նպատակով Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կազմած յատուկ յանձնախումբին՝

stemconf@aesa.org հասցէով։