Ակնարկ. Մի-ա-ցում

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Համահայկական 7-րդ խաղերու բացման հանդիսութեան նախօրէին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին Արցախի` Հայաստանի միացումին մասին թէ՛ Արցախի նախագահին եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ճառերուն մէջ հնչեցին ուշագրաւ բանաձեւեր, որոնք հասկնալիօրէն վերածուեցան ամէնէն շատ լուսարձակ խլած առանցքներուն, ընդգծուած բազմաթիւ ուղղութիւններ ներառած խօսքերուն մէջ: Միացումին մասին կատարուած յայտարարութիւններու բաժինները փորձենք պարունակի մէջ ներառուած մէջբերել` կարելի առաւելագոյն ձեւով առարկայական գնահատական տալու համար հրապարակուած բանաձեւերու էութեան մասին:

Այսպէս. նախագահ Սահակեան միացումի միտքին ակնարկելով յայտարարեց. «Մեր ընտրած ուղին անշրջելի է: Մենք գնալու ենք մեր առաջադրանքների ու երազանքների հետեւից, հետեւողականօրէն աշխատանքներ ենք իրականացնելու Արցախի միջազգային ճանաչման համար` մօտենալով միացեալ հայրենիք ունենալու մեր երազանքին»: Ուղերձը այստեղ յստակ է. ինքնորոշումը` Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը հիմնական քայլ է դէպի միացեալ հայրենիք, դէպի միացում` Հայաստանի Հանրապետութեան: Նախագահ Սահակեանի այս ձեւակերպումը կրնայ շատ աւելի հեռուն երթալ, այն իմաստով, որ կը խօսի միացեալ հայրենիքի գաղափարին մասին, որ անպայման չ՛ենթադրեր Արցախի` Հայաստանի Հանրապետութեան միացում միայն: Այս մէկը սակայն ենթադրական բաժին է պարզապէս` նշելու համար, որ միացեալ հայրենիքի ձեւակերպումը իբրեւ եզրաբանութիւն այս ձեւով պետական-քաղաքական հարթակ կը հասնի:

Վարչապետ Փաշինեան, երբ կը խօսի համահայկական յեղափոխութեան ամէնէն առանցքային արդիւնքին մասին, կ՛ընդգծէ, թէ մեր իրականութեան մէջ երկար տարիներ գերիշխած հատուածականութիւնը պէտք է փոխարինուի համահայկականութեամբ: «Կրկնում եմ` մեր իրականութեան մէջ երկար տարիներ գերիշխած հատուածականութիւնը պէտք է փոխարինուի համահայկականութեամբ: Սա առաջին հերթին նշանակում է, որ մենք պէտք է հրաժարուենք այն մտածելակերպից, երբ իրար բաժանում ենք ղարաբաղցիների, իջեւանցիների, գիւմրեցիների, սփիւռքահայերի:

«Սա ամենեւին չի նշանակում, թէ մենք պէտք է հրաժարուենք մեր ծննդավայրից, նրա նկատմամբ մեր ունեցած զգացմունքներից: Դա ընդամէնը նշանակում է, որ մեզնից իւրաքանչիւրի համար մեր ծագումը պէտք է լինի մեզ համայն հայութեան մաս դարձնող եւ ոչ թէ նրանից անջատող, նրանից առանձնացնող գործօն:

Մի-ա-ցում, մի-ա-ցում»:

Այստեղ միացումը միացեալ հայրենիքի գաղափարէն աւելի համահայկական հասարակութեան գոյառման հրամայականին կը վերաբերի: Բայց որովհետեւ մի-ա-ցում վանկարկումը միանշանակօրէն կը յուշէ 88-ի շարժման նպատակն ու կարգախօսը, ապա ուրեմն հանրութեան հաւաքական ենթագիտակցութեան մէջ կը դրոշմուի Արցախի` Հայաստանի Հանրապետութեան կցման իբրեւ առաջադրանք: Այս յստակացումը կարեւոր է, որովհետեւ կը կանխարգիլէ որեւէ շահարկումի փորձ հայկական բանակցող կողմի կարգավիճակի առումով ցարդ բարձրացուցած պահանջին համեմատ հակասութիւն գտնելու: Պաշտօնական պահանջը բնականաբար հիմնուած է արցախահայութեան ինքնորոշումով, հանրաքուէով, անկախութեան հռչակագիրով հանրահռչակուած Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրման իրաւաչափութիւններուն վրայ: Ըստ էութեան ուրեմն, մի-ա-ցում վանկարկումը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ հակասութիւն չի ստեղծեր, որովհետեւ խօսքը ուղղակիօրէն չի վերաբերիր տարածքային միացումին կամ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ միաւորումին:

Աւելի բարդ մեկնաբանական խնդիր կը ստեղծուի, երբ նկատի կ՛ունենանք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» հաստատումը: Ահա այստեղ յայտարարուած հաստատումը վերհանելով խօսքի բնագիրէն առաջին հայեացքով անհամատեղելի կը թուի ո՛չ միայն հայկական կողմի պաշտօնական տեսակէտին հետ, այլ նաեւ միեւնոյն խօսքին մէջ բանաձեւուած «կոնսենսուս 6»-ի հետ համեմատած: «Կոնսենսուս 6»-ը բառացիօրէն հետեւեալը կ՛ամրագրէ. «Ամենագլխաւոր կոնսենսուսը` Արցախի հարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացի նպատակը պէտք է լինի Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան համար մղուած Արցախեան ազատամարտի արդիւնքների պաշտպանութիւնը: Բանակցութիւնների արդիւնքում Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւնների համար ընդունելի համարուած որեւէ լուծում կարող է ընդունելի դիտուել միայն Հայաստանում եւ Արցախում ժողովրդական հաւանութեան դէպքում»:

«Կոնսենսուս 6»-ը հաշտ եւ քաղաքական հետեւողականութիւն կ՛ընդգծէ արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման ուղղութեամբ վարչապետի կատարած իրերայաջորդ յայտարարութիւններուն հետ յարաբերակցաբար: Տեսականօրէն եթէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդը Արցախի անկախ կարգավիճակին ժողովրդական հաւանութիւն տայ կամ պարզապէս Արցախի հանրաքուէի վերահաստատումը կատարէ վերաորդեգրելով իր կամարտայայտութեան արդիւնքը, ապա անհետեւանք կը մնայ բացարձակ հաստատումը, եթէ անշուշտ այդ բաժինը առանձին վերհանուի խօսքի բնագիրէն:

Իսկ այս պարագային ընդհանուր պարունակը Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման համար նկատի առնուած առաջադրանքային խնդիրներն են` բնակչութեան համրանքի բազմապատկումէն մինչեւ ֆութպոլի հաւաքականի յաջողութիւններ, անցնելով աշխատավարձերու յաւելումէն, աշխատատեղիներու ստեղծումէն, տարբեր ոլորտներու մէջ համաշխարհային առումով մրցունակ դիրքեր գրաւելէն եւ զարգացման նոր ու գերազանց նշաձողեր ապահովելէն: Որմէ ետք կու գայ հռետորական հարցումը, թէ ինչո՞ւ առանձին խօսք չկայ Արցախի մասին, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացումը Արցախի զարգացումն է:

Ճիշդ այս ոլորտներու միասնական զարգացման իրաւական դաշտն է, որ կ՛առաջադրուի Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումի հրամայականի արծարծումով: Բնագիրի ընդհանուր պարունակը այս պարագային եւս տարածքային կցումէն առաջ կը խօսի երկու հանրապետութիւններու միասնական զարգացման համար միաձուլուած, միաւորուած ուղիներու անշրջանցելիութեան մասին:

Յայտարարութիւնը սակայն վստահաբար պիտի չվրիպէր պաշտօնական Պաքուի ուշադրութենէն, որ անմիջապէս պիտի հակազդէր Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժինի ղեկավարին ճամբով, որ գրառում կատարած է` նշելով, որ «Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի պատմական տարածքն է եւ անոր անբաժանելի մասը»:

Ընկալումը զուտ տարածքային է. մինչ պարունակները կը վերաբերին ըստ վարչապետին համահայկական յեղափոխութեամբ գոյացած համահայկական հասարակութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ միասնական զարգացման եւ նոր նուաճումներու ձեռքբերման: Հայկական կողմի պաշտօնական բանակցային դիրքորոշումին նկատմամբ հակասականութեան խնդիր չ՛երեւիր:

Մինչ տարածքային բաղադրիչ բովանդակելով` Արցախի անկախութիւնը վախճանականէն աւելի ռազմավարական նպատակ դաւանելու մօտեցումը կը պատկանի Արցախի նախագահին, որ միացեալ հայրենիքի գաղափարը կ՛ընդգծէ: