«Հայրենիքի Պաշտպան» Նախաձեռնութեան Աջակիցներուն Շրջանակը Հատեց Հայաստանի Սահմանները

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներ ապրող Աշոտ Աւագեան մէկն է այն բարերարներէն, որոնք ականջալուր են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Հայրենիքի պաշտպան» ծրագիրին, եւ որոշած են աջակցութիւն տրամադրել հայրենիքի պաշտպանութեան ատեն հաշմանդամ դարձած զինուորներուն։

Ըստ Armenpress.am`ի լրագրող Նորայր Շողիկեանի՝ Աշոտը Հայաստանէն հեռու ըլլալով, ընտրեց դրամական օգնութիւն ցուցաբերելու եղանակը, համացանցին մէջ հրապարակեց տեսանիւթ, որուն արձագանգեցին նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: «Ծրագիրին մասին տեղեկացայ Հայաստան ապրող ընկերներէս, որոնք ծանօթացած են նախագահին աշխատակազմի աշխատակիցներու հետ, պատմած են մեր ծրագիրներուն մասին եւ անոնց միջոցով ծանօթացած այն մարդոց, որոնք մասնակցած են մարտական գործողութիւններուն, վիրաւորուած են եւ օգնութեան կարիք ունին: Համացանցին վրայ փոքր տեսանիւթ հրապարակեցի, ուր յայտնեցի, որ կ՛երթամ Հայաստան, եւ կոչ ուղղեցի, որ ո՛վ ինչով կրնայ օգնել, այդ բոլորը կը նկարահանեմ, անձամբ գումարը կը փոխանցեմ այն մարդոց, որոնց պէտք է օգնել, կը նկարահանեմ նաեւ այդ գործընթացը, կը պատմեմ այդ մարդոց մասին: Շատեր համաձայնեցան, եւ բաւական գումար հաւաքուեցաւ: Շատ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ տուին իրենց համաձայնութիւնը օգնելու, ինչ որ ինծի համար ալ հաճելի ու զարմացնող էր, հիմնական մասը հայեր են, բայց կան նաեւ ուքրանացիներ, մոլտովացիներ, պելոռուսներ, ռուսեր, ուզպեքներ, ամերիկացիներ եւ այլն: Շուրջ 25-30 հոգի: Բարութիւնը ազգութիւն չի ճանչնար: Ասիկա այդ երեւոյթին վառ օրինակն է»,- ըսաւ Աշոտ:

0809Ashod2

Միացեալ Նահանգներ բնակող Աշոտ Աւագեան հեռաւորութեան պատճառով շատ յաճախ չի կրնար Հայաստան այցելել, բայց յստակ որոշած է՝ քանի մը տարի ետք պիտի վերադառնայ երկար ժամանակով եւ բարեսիրական այլ ծրագիրներ եւս պիտի իրականացնէ։

«Երկրորդ անգամն ըլլալով Հայաստան կ՛այցելեմ՝ մկրտելու իմ փոքր տղաս: Երկու տարի առաջ եկած եմ մկրտելու մեծ տղաս, եւ միտքն այն էր, որ, երբ կու գաս Հայաստան, որեւէ երկրէ, պէտք է գաս այնպէս, որ միայն ընելիքդ ընելով չվերադառնաս պարզապէս, այլ բան մըն ալ պիտի ընես Հայաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդին համար: Մենք գումարով կ՛օգնենք, որովհետեւ, ցաւօք, բաւարար ժամանակ չունիմ ներկայ դրութեամբ, որպէսզի իրենց հետ աշխատիմ, իրենց որեւէ բան սորվեցնեմ կամ այլ օգնութիւն ցուցաբերեմ: Մեծ հաճոյքով այլ ձեւով օգտակար պիտի ըլլամ, բայց Ամերիկայի մէջ աշխատանք ու պարտաւորութիւններ ունիմ: Իմ ու կնոջս ծրագիրներուն մէջ կայ. անոր՝ համալսարանին մէջ ուսումը աւարտելէ ետք 2-3 տարիով պիտի գանք Հայաստան եւ աւելին ընել, քան պարզապէս դրամ տրամադրելէ»,- նշեց ան։

«Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութեան գաղափարը յղացաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ 2019 Յունուար 28-ին՝ բանակի օրուան իր ելոյթին մէջ: Անոր նպատակն է օժանդակել այն անձերուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգած են  ծառայութեան ընթացքին եւ այդ պատճառով հաշմանդամ դարձած:

Լիպարիտ Մելքոնեան ծրագիրի 1000 շահառուներէն աջակցութիւն ստացած առաջիններէն մէկն է, որ աշխատանքի սկսած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին մէջ եւ այժմ կը համակարգէ «Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութիւնը: «Ծրագրի նպատակներէն մէկն է ստեղծել համագործակցութեան հարթակ Հանրապետութեան նախագահի, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ առանձին անհատներու միջեւ՝ յօգուտ բանակի: Տուեալ պարագային՝ իւրաքանչիւր անհատ, իւրաքանչիւր հասարակական կազմակերպութիւն, որ պատրաստակամ է օգնելու բանակին, եւ կապ չունի, թէ ինչ միջոցով, կրնայ աջակցիլ ծրագրին: Այսինքն՝ այստեղ միայն նիւթական աջակցութիւն չենք ենթադրեր: Ատիկա կրնայ ըլլալ, օրինակ, որեւէ կրթական ծրագրով դասընթացներու իրականացում: Ծրագրին աջակցիլ փափաքողները կրնան դիմել մեզի: Ծրագրի ծիրէն ներս՝ մենք կ՛որոշենք օգնութեան նպատակայարմարութիւնը եւ օգնութիւնը կիրառելի դարձնելու տարբերակները»,- ըսաւ Լիպարիտ Մելքոնեան:

Հանրապետութեան նախագահի կոչին, բացի անհատներէ եւ հասարակական կազմակերպութիւններէ, արձագանգած են նաեւ պետական գերատեսչութիւնները, եւ հաշմանդամութիւն ունեցող շուրջ 10 զինուոր աշխատանքի սկսած է պետական մարմիններու մէջ: