Category: Հայաստան
Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան Աթէնք Կ՛այցելէ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հրաւէրով՝ Աթէնք կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած՝ «Մեր Արցախը. Միջազգային ճանաչման ճամբուն վրայ» այցելութեան ծիրէն […]
Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ամրապնդէ Աջակցութիւնը Հայաստանի Կրթական Ոլորտին
Այսօր յայտարարուած է ԵՄ-Հայաստան կրթութեան ոլորտի բարեփոխումներու շուրջ երկխօսութեան եւ նոր կրթական կեդրոնի մեկնարկի մասին, որ պիտի նախապատրաստէ գիտութեան ոլորտի ուսանողներ եւ երիտասարդ մասնագէտներ` աշխատաշուկայի համար: Երկխօսութեան մեկնարկը այսօր յայտարարած […]
Գիւմրիի Մէջ Մեկնարկած է «Made in Armenia» Ճինզերու Արտադրութիւնը
Չինական ու թրքական ճինզերուն պիտի փոխարինէ հայկականը: «Made in Armenia» ճինզերու վաճառքը կը սկսի մէկ ամիսէն: Ճինզերը կ՛արտադրուին Գիւմրիի մէջ: Զաքարեան ընտանիքը 2 միլիոն տոլարի ներդրում կատարած է` արտադրութիւնը սկսելու […]
Հայաստանը եւ ԵՊԲՀ-ը Ճանչցուած են HORIZON 2020 TWINNING Ծրագիրի Յաղթող
Առաջին անգամ Հայաստանը, ի դէմս Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի, ճանչցուած է HORIZON 2020 Twinning ծրագիրի յաղթող: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնեն Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի լրատուական […]
Արցախի Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Լիբանանի Մէջ
16 Մարտ 2019-ին սկսաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի Լիբանան այցելութիւնը: Պետական նախարարին կ՛ընկերակցի Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։ Պետական նախարար Մարտիրոսեանի […]
Բակօ Սահակեան Հայաստան Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի Նախագահին Հետ Քննարկեց Արցախի Մէջ Իրականացող Ծրագիրներ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 Մարտին ընդունեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի նախագահ Մարիա Մեհրանեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ իրականացող տարբեր ծրագիրներու վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սահակեան բարձր […]
Քաշաթաղի Շրջանին Մէջ Կը Նախատեսուի Հիմնել Շուրջ 200 Հա Նուռի Այգի. Գիւղվարչութեան Պետ
Ան նշած է, որ Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը այգեգործութեան զարգացման նպատակով յայտ ներկայացուցած հողօգտագործողներուն անհատոյց պիտի տրամադրէ նուռի տունկեր: «Քաշաթաղի շրջանի աշխարհագրական դիրքը նպաստաւոր է նռան այգիներու մշակումով զբաղելու համար: Այգի հիմնելու համար նախատեսուած տարածքները պէտք է ապահովուած […]
ՀՅԴ Երիտասարդները Մաքրած են Արձաններու Վրայի Հետքերը
Մարտ 14-ին, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամներուն կողմէ մաքրուած են Վարդան Մամիկոնեանի եւ Արմեն Տիգրանեանի արձաններուն պատուանդանները: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը։ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը քաղաքապետարանին կը հորդորէ յաւուր պատշաճի ուշադրութիւն դարձնել […]
Ալիեւ Արցախի Հարցի Բանակցային Ձեւաչափը Փոխելը Անընդունելի Կը Համարէ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Մարտ 14-ին յայտարարած է, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն ձեւաչափը փոխելու Հայաստանի կառավարութեան փորձերը «անընդունելի են»: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը՝ վկայակոչելով minval.az-ը: «Հայաստանի կառավարութիւնը կը […]
Հայաստանի Մարդկային Իրաւանց Շարք Մը Ոլորտներու Մէջ 2018-ին Բարելաւումներ Արձանագրուած են. ԱՄՆ Պետական Բաժանմունք
Փաշինեանի կառավարութիւնը նոր թափ հաղորդեց 2008-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւններու հետաքննութեան՝ մեղադրանքներ ներկայացնելով շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ, նշուած է 13 Մարտին հրապարակուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան […]










