Հայաստանի Մարդկային Իրաւանց Շարք Մը Ոլորտներու Մէջ 2018-ին Բարելաւումներ Արձանագրուած են. ԱՄՆ Պետական Բաժանմունք

Աշխարհ, Հայաստան

Փաշինեանի կառավարութիւնը նոր թափ հաղորդեց 2008-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւններու հետաքննութեան՝ մեղադրանքներ ներկայացնելով շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ, նշուած է 13 Մարտին հրապարակուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այս տարուան զեկոյցին մէջ՝ Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Azatutyun.am-ը։

Զեկոյցը կ՛արձանագրէ, որ վերջին ամիսներուն, Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Մարտ 1-ի հանգամանքները պարզելու համար յարուցած է շարք մը նոր քրէական գործեր, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ մեղադրանքներ առաջադրուած են սահմանադրական կարգի տապալման, պաշտօնական դիրքի չարաշահման, չարչարանքներու, կաշառատուութեան եւ Մարտ 1-ի հետաքննութեան ապացոյցները կեղծելու վերաբերեալ:

Փաստելով, որ նոր կառավարութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու մեղաւորները, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն ժամանակ կը մէջբերէ Եւրոպական խորհուդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչի հետեւեալ արձագանգը. «Այդ քայլերը պէտք է առնուին զգուշութեամբ եւ խստօրէն համապատասխանեն օրէնքի գերակայութեան, դատարաններու անկախութեան եւ թափանցիկութեան սկզբունքներուն՝ խուսափելու համար վրէժխնդրութեան կամ ընտրովի արդարադատութեան հաւանական մեղադրանքներէ»:

Նախորդ տարիներուն, որպէս կանոն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այս զեկոյցներուն մէջ կը քննադատուէին Հայաստանի իշխանութիւնները՝ համակարգային զեղծարարութեանց, լրագրողներու եւ ընդդիմադիրներու դէմ բռնութիւններու, խօսքի ու հաւաքներու ազատութիւնը ճնշելու, իրաւապահներու անպատժելիութեան եւ ընտրութիւններու ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներու համար:

Սակայն այս անգամ, զեկոյցին մէջ նշուած է. «9 Դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ առաջին անգամ իսկապէս մրցակցային ընտրութիւններ տեղի ունեցան, իսկ նոր կառավարութիւնը շարք մը հետաքննութիւններ սկսած է իշխող համակարգին մէջ արմատացած զեղծարարութիւնները վերցնելու եւ ապօրինի հարստացման դէպքերը բացայայտելու ուղղութեամբ»: Այս գծով, իբրեւ օրինակ կը բերուի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի նախկին պետ Վաչագան Ղազարեանի դէպքը, որուն կնոջ պատկանող գիշերային ակումբէն իրաւապահները առաւել քան մէկ միլիոն տոլար գրաւած են, ապա նոյնքան ալ գտած՝ Ղազարեանի ձերբակալման պահուն, անոր ճամպրուկին մէջ:

Կը նշուի, որ ըստ կառավարութեան, ընդամէնը երեք ամսուան ընթացքին՝ անցեալ տարուան Մայիսէն Օգոստոս, հարկային մարմինները յայտնաբերած են մօտաւորապէս 87 միլիոն տոլարի հասնող չարաշահումներ ու պետութեան հասցուած վնասի դէպքեր, որոնց վառ օրինակներէն մէկը նախկին պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանի հետ կապ ունեցող «Երեւան Սիթի» շուկաներու ցանցն է, որ, ըստ կառավարութեան, տասնեակ միլիոն տոլարի հասնող հարկեր չէ վճարած:

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, նախարարութիւնը դրական փոփոխութիւններ արձանագրած է նաեւ քաղաքական ազատութիւններու եւ իրաւունքներու ոլորտին մէջ։

«Նախապէս կային բազմաթիւ հաղորդումներ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը գաղտնալսեն հեռաձայնային զրոյցները եւ հաղորդակցութեան միւս միջոցները՝ շարք մը անձերու, ներառեալ՝ իրաւապաշտպաններու, հասարակական գործիչներու եւ քաղաքական գործիչներու, զանոնք վերահսկողութեան տակ պահելու եւ այդ «թղթածրարներ»ով զանոնք ճնշելու համար: Իշխանափոխութենէն ետք սակայն, ըստ գործիչներու եւ իրաւապաշտպաններէն շատերու, նման վերահսկողութիւն չկայ»,- նշուած է զեկոյցին մէջ:

Քաղաքական բանտարկեալներուն վերաբերող հատուածին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ որոշ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ քաղաքական բանտարկեալ համարուող անձեր յեղափոխութենէն ետք ազատ արձակուած են, մինչ նոր քաղաքական բանտարկեալներու մասին հաղորդումներ չկան:

«Թէեւ օրէնքը չի սահմանափակեր քաղաքական կուսակցութիւններու արձանագրութիւնները, այդուամենայնիւ, նախապէս Հայաստանի իշխանութիւնները քաղաքական բազմակարծութիւնը այլ միջոցներով կը ճնշէին»,- կը յիշեցնէ նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ այս ոլորտը եւս, անցեալ տարուան Մայիսէն ետք բարելաւուած՝ ըսելով. «Քաղաքական բազմակարծութիւնը ընդարձակուած է, թէեւ որոշ փորձագէտներ կը պնդեն, թէ շարք մը հարթակներու մէջ, առաջին հերթին ընկերային ցանցերու վրայ, հասարակութիւնը աւելի անհանդուրժող դարձած է եւ ծայրայեղական, յատկապէս՝ նոր կառավարութեան հասցէին քննադատութեանց նկատմամբ: Ընդդիմադիր որոշ ուժեր կը պնդեն, թէ նոր կառավարութիւնը կը քաջալերէ իրենց վրայ հասարակական ճնշումը»:

Խօսքի ազատութեան բաժինին մէջ, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը գրէ, որ Թաւշեայ յեղափոխութենէն առաջ կառավարութիւնը տնտեսական ճնշումներ կը բանեցնէր լրատուամիջոցներու վրայ, իրեն համար նախընտրելի եւ ոչ քննադատական հաղորդումներ ապահովելու համար՝ աւելցնելով. «Իշխանափոխութենէն ետք, լրատուական միջավայրը դարձած է աւելի ազատ, սակայն որոշ լրատուամիջոցներ տակաւին կը խուսափին նոր կառավարութեան հասցէին քննադատական մեկնաբանութիւններէ՝ «հակայեղափոխական» չթուելու համար։ Հանրային պատկերասփիւռի կայանը, ըստ լրագրողական որոշ կազմակերպութիւններու, կը շարունակէ լուրերը ներկայացնել կառավարամէտ տեսանկիւնէն»:

Նախարարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ նախապէս իրաւապաշտպանները լուրջ մտահոգութիւններ ունէին բանակին մէջ տեղի ունեցող մահուան դէպքերէն եւ անոնց շուրջ կասկածելի հետաքննութիւններուն վերաբերեալ: Այս անգամ, ըստ զեկոյցին, Յատուկ քննչական ծառայութիւնը քրէական գործ յարուցած է նման դէպքի մը պարագային՝ աւելցնելով. «Ըստ իրաւապաշտպան կազմակերպութեանց, այս առաջին դէպքն է վերջին տարիներուն, երբ բանակին մէջ արձանագրուած մահուան դէպքի հետաքննութեան զուգահեռ քրէական գործ կը բացուի՝ գնահատելու քննիչներու հաւանական օրինախախտումները»:

Զեկոյցը կը նշէ, որ այժմ իշխանութիւնները աւելի բաց են նաեւ ոստիկանութեան եւ  իրաւապահ համակարգի միւս ներկայացուցչները պատասխանատուութեան ենթարկելու, օրինազանցները պատժելու գծով, յիշեցնելով, որ ներքին զօրքերու նախկին ղեկավար Լեւոն Երանոսեանին դէմ մեղադրանք առաջադրուած է իր լիազօրութիւնները չարաշահելուն եւ ցուցարարներու դէմ բռնութիւն գործադրելուն համար, յիշեցնելով, որ նաեւ մեղադրանք ներկայացուած է փոխգնդապետ Արմէն Ղազարեանի դէմ՝ դատարանի նկուղին մէջ «Սասնայ ծռեր»ու անդամները ծեծելուն համար:

Ամենախնդրայարոյց ոլորտը, ուր նախարարութիւնը էական փոփոխութիւններ չէ արձանագրած, դատական համակարգն է: Զեկոյց կը շեշտէ, որ դատարանները հիմնականին մէջ անկախութիւն եւ չէզոքութիւն չեն ցուցաբերեր, եւ նոյնիսկ իշխանափոխութենէն ետք  դատաւորներու կողմնակալութեան գծով կասկածները չեն փարատած:

«Փաստաբաններ կը նշեն, որ նախապէս Վճռաբեկ դատարանը կը թելադրէր ստորին ատեաններուն, թէ ի՛նչ որոշում պէտք է տան մեծ տարողութիւն ունեցող դատերու պարագային: Դիտորդներէն շատեր կը պնդեն, թէ Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած նոր կառոյցը՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը, դատաւորներ կը նշանակէ միայն այն անձերը, որոնք կապ ունին նախկին իշխանութիւններուն հետ: Բացի այդ, փաստաբանները կը նշեն, որ խորհուրդին կողմէ դատաւորներու նշանակումը, անոնց յառաջխաղացումն ու տեղափոխումը կը տկարացնէ արդարադատութեան անկախութիւնը: Քաղաքացիները կրնան բողոք ներկայացնել՝ մարդկային իրաւունքներու ենթադրեալ ոտնակոխումներու համար, սակայն դատարանները հասարակութեան մեծ մասին կողմէ կ՛ընկալուին իբրեւ զեղծարարներ»,- կ՛եզրակացնէ զեկոյցը: