Շնորհանդէս Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» Մատենաշարի Չորս Հրատարակութիւններուն

Սփիւռք

Ուրբաթ, 8 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Անի» սրահը իմացական կեդրոնի մը վերածուած էր իրաւամբ:

Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարի չորս գիրքերու հաւաքական շնորհանդէսը առիթ ընծայեց, որ գրողը գրողին, գիրքը ներկայացնողին ու գրասէր հանդիսատեսին հանդիպի միաժամանակ: Մէկը միւսին գիրքին ծանօթացաւ, մէկը միւսին մտքին թռիչքին աղերսուեցաւ ու անոր հետ սլացաւ հայ գրականութեան անդաստանին մէջ: Միւս կողմէ, գրասէր հանդիսատեսը հաղորդակից դարձաւ չորս հեղինակներու մտքերուն, երբ հալէպահայ մտաւորականները գիրքերը բացին անոր առջեւ՝ խիտ ու ամբողջական, հաճելի ու հետաքրքրական մատուցումով:

Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, կազմակերպուած էր «Գանձասար»ի խմբագրութեան ու վարչութեան կողմէ:
Գրասէր հանդիսականներու պատկառելի ներկայութիւն մը հաւաքուած էր սրահին մէջ: Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին կողքին ներկայ էին նաեւ՝ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղըլեան, գիրքերուն հեղինակները, ազգային մարմիններու, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր հայրեր:

Բացման խօսքով Քրիստ Խրոյեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ըսաւ. «Հրատարակուող իւրաքանչիւր գիրք նոր հորիզոն մը կը բանայ գրողին եւ ընթերցողին դիմաց: Հորիզոն մը, որուն հասնելու համար թռիչք կþառնէ մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ ճեղքելով ամէն սահման, յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն, նոյնիսկ պատերազմ ու անարեւ օրեր: Արեւին հասնելու լաւագոյն միջոցը գիրքը չէ՞ միթէ, անոր սահմանուած տողերուն տակ թաքնուած երկնահաս կամուրջները չե՞ն միթէ: Պատահական չէ, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի մատենաշարերէն մէկը, որ ծնունդ առած է 2005-ին, իբրեւ գրական, բանասիրական մատենաշար, «Այգ» կոչուած է, այսինքն՝ արեւագալ, արեւին գալուստը աւետող լոյս: 2005-էն ի վեր յաջորդաբար լոյսին եկած են 25 հրատարակութիւններ՝ շնորհիւ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի հետեւողական ճիգերուն եւ քաջալերանքին»:
Այնուհետեւ յաջորդաբար ներկայացուեցան չորս գիրքերը եւ յաւուր պատշաճի խօսք արտասանեցին յարգարժան հեղինակները:
ԼալաՄիսկարեան-Մինասեանի «Ծիրանի Ոգիներ» պատմուածքներու հաւաքածոն ներկայացուց դոկտ. Հուրի Ազէզեան, յայտնելով որ 293 էջերէ բաղկացած հատորը «Այգ» մատենաշարի 21-րդ հրատարակութիւնն է, լոյս տեսած է 2017-ին հրամանաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Հատորը կը պարունակէ չորս վերնագրեր, 43 պատմուածքներով եւ հինգ յօդուածներով:

Դոկտ. Հուրին գիրքի բովանդակութիւնը պարզելով յայտնեց.«Իւրաքանչիւր տողին, նոյնիսկ բառ ու գիրին ետին հայուն սիրտն է որ կը բաբախէ անխարդախ, անկեղծ, մարդկային անկաշկանդ ապրումներով»: Ան այս գեղարուեստական երկը իր տեսակին մէջ շնորհաւորելի նուաճում մը նկատեց արդի հայ գրականութեան անդաստանէն ներս:

Այնուհետեւ գիրքի հեղինակ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի, գրող Լալա Միսկարեան-Մինասեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Հուրիին՝ գիրքը գեղեցկօրէն ներկայացնելուն համար, ինչպէս նաեւ «Գանձասար»ի խմբագրակազմին ու վարչութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, համայնքապետներուն նաեւ հալէպահայ գաղութին, որոնց սէրն ու Հալէպի մէջ ձեռք բերած իր փորձառութիւնը մեծ հարստութիւն համարեց:

Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ Հայ Գիրի եւ Պատմութեան Գետեզրին» Բ. հատորը ներկայացուց փաստաբան եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարիա Գաբրիէլեան։ Ան պարզաբանեց, թէ ինչպէ՛ս հատորը ընթեռնելի ըլլալու կողքին նաեւ լսելի դարձաւ հեղինակին հարազատ, անաչառ եւ թափանցիկ արտայայտութիւններուն, քննարկումներուն ու քննադատութիւններուն ընդմէջէն եւ անզգալաբար երկխօսութեան մը վերածուեցաւ: Ապա դիտել տուաւ, որ 320 էջերէ բաղկացած հատորը «Այգ» մատենաշարի 22-րդ հրատարակութիւնն է, նուիրուած Ծաղիկ Ճիերճեանի յիշատակին: Գիրքը կը բացուի Արմենակ Եղիայեանի յառաջաբանով եւ կը պարունակէ հիմնական չորս բաժանումներ, 58 գրութիւններով: Ան դիտել տուաւ, որ գիրքի հեղինակը մասնագէտ է պոլսահայ գրականութեան, հետեւաբար զինք անուանեց Պոլսահայ գրականութեան գիտակը:

Տիար Լեւոն Շառոյեան խօսք առնելով ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալը. «Մենք այնպիսի դարաշրջանի մը գրողներն ենք, որ դիտանկիւնէ մը նայելով բախտաւոր կը նկատուինք, այլ դիտանկիւնէ մը նայելով անբախտ կը սեպուինք: Բախտաւոր ենք, որովհետեւ մեր գիրքերը դիւրութեամբ հրատարակելու հնարաւորութիւնները ունինք եւ կ’արժանանանք շնորհանդէսներու՝ ո՛չ միայն լեցուն սրահներու մէջ, այլեւ մեր հոգեւոր պետերու բարձր ներկայութեամբ եւ այս մէկը պատիւ մըն է մեզի համար: Մենք անբախտ գրողներ ենք, որովհետեւ կ’ապրինք եւ կը ստեղծագործենք ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ ընթերցանութիւնը ահաւոր կերպով նահանջած է»։ Ան որպէս գրող ցաւ համարեց գրաքննադատութեան չգոյութիւնը նաեւ:

Շառոյեան շնորհակալական խօսք ուղղեց «Գանձասար»ի խմբագրակազմին, գիրքը գեղեցկօրէն ներկայացնող Մարիա Գաբրիէլեանին եւ յատկապէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ գրական եւ հրատարակչական մարզէն ներս անջնջելի հետք թողուց:

Գեղարուեստական յայտագիրը յատուկ երանգով մը օժտեց երեկոն: Համազգայինի «Բ.Կանաչեան» Երաժշտական դպրոցի ուսուցչուհի Անժէլ Շէօհմէլեան քանոնով հայկական ժողովրդական քաղցրաշունչ «Մենախօսութիւն» մեղեդին հնչեցուց, իսկ «Գանձասար»ի Կկու մանկապատանեկան յաւելուածի խմբագիր Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան տպաւորիչ առոգանութեամբ մատուցեց Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ Հայ Լեզուին» ստեղծագործութիւնը:

Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանի «Փոխակերպում» գիրքը ներկայացուց «Գանձասար»ի մնայուն աշխատակից Արժ. Տէր Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան՝ յայտնելով, որ 107 էջերէ բաղկացած հատորը «Այգ» մատենաշարի 25-րդ հրատարակութիւնն է, լոյս տեսած Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրամանաւ: Հեղինակին ներշնչման աղբիւրն ու մղիչ ուժը եղած է Հալէպը, Աստուծոյ նկատմամբ իր ունեցած հաւատքը, մտքի թռիչքը, պատերազմի տագնապն ու դառն փորձառութիւնը: Քահանայ հայրը գիրքը նկարագրելով յատկանշական գտաւ աննկատ կարծուած դէպքերու լաւ ներկայացումը՝ ճոխ բառամթերքով եւ հետաքրքրաշարժ արտայայտութիւններով, գիրքին մէջ տեղ գտած սուրբ գրային մէջբերումները, համամարդկային արժէքները, քրիստոնէական փիլիսոփայութեան հաղորդակից դառնալու կարելիութիւնը կուտան:

Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան խօսք առնելով շնորհաւորեց իր գրչընկերները, շնորհակալութիւն յայտնեց «Գանձասար»ի խմբագրակազմին, ձեռնարկը հովանաւորող Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որուն Սուրբ գրային սերտողութիւններէն խորապէս ներշնչուած է ան: Ան մեծապէս գնահատեց «Այգ» մատենաշարի շարունակականութիւնը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի մեկենասին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Գրական Միաւորին, ինչպէս նաեւ ներկաներուն:

Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանի «Արեգնատենչ Հորիզոններ» բանաստեղծական գիրքը ներկայացուց գրող Յարութ Վարդանեան (Յարվարդ) դիտել տալով, որ հատորը 146 էջերով «Այգ» մատենաշարի 24-րդ հրատարակութիւնն է, «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսած: Հատորը ինքնին հոգեմտաւոր տիեզերք մըն է, որ կը ներկայացնէ հեղինակին հոգիի թռիչքն ու կեանքի տեսլիքը: Գիրքը կը պարունակէ հարցադրումներ ու որոնումներ: Հեղինակը բնութիւնը կը նկարագրէ եւ աչքերը փակելով թռիչք կ’առնէ դէպի ներքին հորիզոն:

Վարդանեան աւելցնելով ըսաւ. «Գիրքը փոխաբերական իմաստ մը կը կրէ իր մէջ: Հեղինակը օտարութեան մէջ կ’ապաւինի իր լեզուին ու բանաստեղծութիւնը Սեւանին համար կը դառնայ իր հայրենիքը»:

Այս առիթով, իր սրտի խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան շնորհաւորելով չորս գիրքերու հեղինակները, գնահատեց գիրքերը ներկայացնող մտաւորականները, որոնք գիրքը բացին մեր առջեւ եւ բարձրօրէն գնահատեց «Գանձասար» ի խմբագրակազմը, որուն հետապնդումով տեղի ունեցաւ այս շնորհանդէսը:

Սրբազան Հայրը չորս գիրքերու հրատարակութիւնը կապեց Ծնունդներու գիրքի առաջին գլխու այն հատուածին հետ, ուր Տէրը կ’ըսէ. «Աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք, երկիրը լեցուցէ՛ք եւ տիրեցէ՛ք անոր», ինչպէս նաեւ Ս. եւ Անմահ Պատարագի այն հատուածին, ուր կ’ըսուի «Ճաշակեցէ՛ք եւ տեսէ՛ք, որովհետեւ քաղցր է Տէրը»: Տէրը այստեղ մարդեղացեալ իմաստութիւնն ու հոգին է, որ գիրքերու ճամբով մեզի կու գայ եւ մեզ կը տանի դէպի մեր մարդկայնութեան, մեր ինքնութեան, մեր արմատներուն եւ մեզ կ’առաջնորդէ մեր շրջապատին մէջ լոյս ըլլալու, աղ ըլլալու եւ կեանքին համ տալու:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը եզրափակելով ըսաւ, որ գրական այս հանդէսին աւարտին, ներկաները լիացան, յագեցան իմացական եւ հոգեղէն խորտիկներով, երբ գիրքերը ներկայացնող մտաւորականները հալէպահայ գրական բերքէն համեղաճաշակ մատուցուֆմներ հրամցուցին:

Հուսկ, տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը՝ գինին յեղելով չորս գիրքերուն վրայ ու տօնական մթնոլորտ ստեղծելով:

Մարիանա ՉիլԱբոշեան-Պօղիկեան

«Գանձասար»