Արցախի Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Լիբանանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

16 Մարտ 2019-ին սկսաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի Լիբանան այցելութիւնը: Պետական նախարարին կ՛ընկերակցի Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Պետական նախարար Մարտիրոսեանի առաջին հանդիպումը եղաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան աշխատակազմին հետ: Հանդիպման ներկայ էր «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Բենիամին Պչաքճեան: Հանդիպումներուն ներկայ էր նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան:

Ապա, Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեսակցեցաւ հայ աւանդական երեք կուսակցութիւններու` Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ), Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին ներկաները քննարկեցին Արցախի վերջին զարգացումները եւ հայկական սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան զանազան կարելիութիւնները:

Սոյն հանդիպումէն ետք, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ), Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ինչպէս նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Արցախի հասարակական, քաղաքացիական եւ մարզամշակութային ոլորտներուն մէջ եղած վերջին զարգացումները:

Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան բարձր գնահատեց Լիբանանի հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու հայրենանուէր աշխատանքն ու հայրենիքին եւ հայութեան սատարելու անոնց նուիրուածութիւնը: Հանդիպումներու աւարտին Մարտիրոսեան յուշանուէրներ յանձնեց ներկայ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն:

Հանդիպում` Լիբանանի Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան զեկուցեց Արցախի զարգացման ծրագիրներուն եւ կառավարութեան կողմէ ճշդուած առաջնահերթութիւններուն մասին` կարեւոր նկատելով ԱՌԻ-ի  ներդրումային եւ յատկապէս բնակարանային ծրագիրներու իրականացումը: Իր հերթին, Շահումեանի վարչական շրջանի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան զեկուցեց իր ղեկավարած շրջանի ընձեռած զարգացման կարելիութիւններուն մասին` եւ յատկապէս խօսելով գիւղատնտեսութեան, անասնապահութեան, մեղուաբուծութեան, վանքային համալիրներու եւ կոթողներու առումով զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մասին:

Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ Արցախի պետական հիւրերը պատասխանեն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն: