Բակօ Սահակեան Հայաստան Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի Նախագահին Հետ Քննարկեց Արցախի Մէջ Իրականացող Ծրագիրներ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 Մարտին ընդունեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի նախագահ Մարիա Մեհրանեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ իրականացող տարբեր ծրագիրներու վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի դերակատարութիւնը Արցախի զարգացման գործին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով արհեստավարժ աշխատանքի եւ նուիրուածութեան համար:

«Նախագահ Սահակեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած ենք Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի նուիրատուներու կողմէն Արցախի մէջ իրականացուող շարք մը բարեգործական ծրագիրներու հարցեր»,- հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց Մեհրանեան:

Ըստ վերջինիս՝ հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի այս տարուան  ծրագիրներուն  մէջ ներառուած են Արցախի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց դպրոցի հիմնադրման, հանրակրթական դպրոցի մը վերանորոգման եւ 4 մարզադաշի վերակառուցման աշխատանքները: Այդ ծրագիրներէն մարզադաշտերու վերակառուցման աշխատանքները արդէն սկսած են, իսկ միւս երկուքը տակաւին կը գտնուին նախագծային փուլին մէջ:

Մարիա Մեհրանեան ընդգծեց, որ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանը Արցախի նկատմամբ միշտ յատուկ հետաքրքրութիւն եւ ուշադրութիւն տածած է: