Գիւմրիի Մէջ Մեկնարկած է «Made in Armenia» Ճինզերու Արտադրութիւնը

Հայաստան

Չինական ու թրքական ճինզերուն պիտի փոխարինէ հայկականը: «Made in Armenia» ճինզերու վաճառքը կը սկսի մէկ ամիսէն: Ճինզերը կ՛արտադրուին Գիւմրիի մէջ: Զաքարեան ընտանիքը 2 միլիոն տոլարի ներդրում կատարած է` արտադրութիւնը սկսելու համար:

Կառավարութեան ֆէյսբուքեան էջին վրայ նոր արտադրութեան մասին  տեսանիւթ հրապարակուած է:

«Ռ. Զաքարեան» ընկերութիւնը որակեալ արտադրանք ստանալու համար անհրաժեշտ սարքաւորումները ներմուծած է արտասահմանէն: Ատոր համար ստացած է կառավարութեան աջակցութիւնը.  3 տարիով կրճատուած է ընկերութեան ապրանքներու ներմուծման մաքսային եւ հարկային մարմիններու կողմէ հաշուարկուած աւելցուած արժէքի հարկի գումարներու վճարման ժամկէտը: «Ատիկա հնարաւորութիւն տուեցաւ խնայելու եւ  այդ միջոցները սարքաւորումներ գնելու մէջ ներդնել»,- կը նշէ ընկերութեան առեւտուրի տնօրէն Լիլիթ Զաքարեանը:

Արհեստավարժ մարդուժ պատրաստելու համար Իտալիայէն վարպետներ հրաւիրուած են։

Արուեստագէտ Մաուրօ տի Ճուզեփփէն Հայաստան եկած է օգնելու բարձր որակի արտադրանք ստանալու հարցով: «Դեռ որոշ ճանապարհ ունինք անցնելու, բայց ես մեծ ցանկութիւն եւ կամք ունիմ իմ ողջ փորձառութիւնը փոխանցելու համար»,- կը նշէ ան:

Գործարանին մէջ աշխատանքը հիմնականօրէն մեքենայացուած է: Արտադրութեան մէջ աւելի քան 50 մարդ կ՛աշխատի: Կը նախատեսուին յառաջիկայ երկու տարուան մէջ աշխատակիցներու թիւը հասցնել 100-ի, արտադրութիւնը աւելցնել 4 անգամ:

«Մեր արտադրութեան մօտաւորապէս 5 տոկոսը կը նախատեսենք սպառել Հայաստանի մէջ: Հինական շուկան արտահաման է: Արդէն պայմանագիր ունինք Ռուսիոյ հետ, մօտակայ ժամանակներս կ’ունենանք պայմանագիրներ Իտալիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու ընկերութիւններու հետ»,- կ՛ըսէ Զաքարեան` աւելցնելով, որ, բացի ճինզէ տաբատներ եւ բաճկոններ արտադրելէ, նպատակ կայ կարել նաեւ վերնաշապիկներ եւ այլ  հիւսուածեղէններ: