Քաշաթաղի Շրջանին Մէջ Կը Նախատեսուի Հիմնել Շուրջ 200 Հա Նուռի Այգի. Գիւղվարչութեան Պետ

Հայաստան

Ան նշած է, որ Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը այգեգործութեան զարգացման նպատակով յայտ ներկայացուցած հողօգտագործողներուն անհատոյց պիտի տրամադրէ նուռի տունկեր:

«Քաշաթաղի շրջանի աշխարհագրական դիրքը նպաստաւոր է նռան այգիներու մշակումով զբաղելու համար: Այգի հիմնելու համար նախատեսուած տարածքները պէտք է ապահովուած ըլլան ոռոգման ջուրով եւ նախապատրաստուած ծառատունկին: Ծրագիրէն կ՛օգտուին այն հողօգտագործողները, որոնք նուազագոյնը ունին 1 հեկտար տարածք: Գիւղնախարարութիւնը  1 հա-ի  համար կը տրամադրէ 625 նուռի տունկ: Ներկայիս շրջանի հարաւը կ՛ընթանան հերկի, տունկերու փոսերը փորելու աշխատանքներ»,-աւելցուցած է Սիմոնեան` աւելցնելով, որ շրջանի բնակչութիւնը մեծ սպասելիքներ ունի «Բուսաբուծութեան համալիր զարգացման ծրագիր»-ի իրականացուած աշխատանքներէն:

Անոր խօսքով`  3-4 տարի ետք քաշաթաղցիները իրենց բերքը կը նախատեսեն շուկայ հանել:

ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան «Բուսաբուծութեան համալիր զարգացման ծրագիր»-ի ծիրէն ներս Քաշաթաղի շրջանին մէջ այս տարի կը նախատեսուի հիմնել շուրջ 200 հա նուռի այգի:

 Ըստ «Արցախփես»-ի՝  Մարտ 14-ին այս մասին  ըսած է Քաշաթաղի գիւղվարչութեան պետ Լեւոն Սիմոնեան: