Գերմանիոյ Խորհրդարանը Տուգանած է Պատգամաւորը Ատրպէյճանէն Ստացած Վարձատրութեան Համար

Աշխարհ

Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնէա-դեմոկրատական միութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Քարին Շթրենցը տուգանուած է 20 հազար եւրոյով Ատրպէյճանէն ստացած լրացուցիչ վարձատրութեան մասին խորհրդարանին ժամանակին չտեղեկացնելու համար: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին յայտնած է Deutsche welle-ը:

Կը նշումի, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակը այս որոշումը տուած է Մարտ 14-ին:

Քարին Շթրենցի նկատմամբ կասկածները ի յայտ եկած են դեռ 2017-ին Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ կաշառակերութեան բացայայտուած դէպքի ընթացքին: Մասնաւորապէս, անոր անունը յիշատակուած է Եւրոպայի մէջ Պաքուի շահերը լոպպինկ ընելու համար անկախ փորձագէտներու 2018-ի Ապրիլին հրապարակուած կաշառքներու մասին զեկոյցին մէջ: Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ կաշառակերութեան խայտառակութեան հիմնական մասնակից, խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Էդուարդ Լինթներ իրեն պատկանող եւ Պաքուի կողմէ ֆինանսաւորուող ու Ատրպէյճանի լոպպինկ իրականացնող Line M-Trade խորհրդատուական կազմակերպութեան մէջ աշխատանքի ընդունած է Քարին Շթրենցը:

Չնայած առեւտարական շահերուն` Շթրենց 2015-ին եղած է Ատրպէյճանի ընտրութիւնները դիտարկող դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ: Ի յայտ եկած կասկածներու պատճառով 2018-ին սկիզբը Շթրենց չէ ընդգրկուած ԵԽԽՎ-ի Գերմանիոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ: Քարին Շթրենց պնդած է, որ ինք չէ իմացած, որ Լինթների ընկերութեան ֆինանսաւորումը Ատրպէյճանէն է: Ան իրեն մեղաւոր համարած է միայն անոր համար, որ խորհրդարանին ժամանակին չէ տեղեկացուցած իր լրացուցիչ վարձատրութեան մասին: