Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նա­խա­րար Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեա­ն Աթէնք Կ՛այցելէ

Հայաստան, Սփիւռք
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի հրա­ւէ­րով՝ Ա­թէնք կը գտնո­ւի Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան։  Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պած՝ «­Մեր Ար­ցա­խը. ­Մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ճամ­բուն վրայ» այցելութեան ծիրէն ներս ան աշխատանքային հանդիպումներ կ՛ունենայ Ա­թէն­քի ու ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։
Չո­րեք­շաբ­թի՝ 14 ­Մարտ 2019ի կա­նուխ ա­ռա­ւօ­տեան, նա­խա­րա­ր Յովհաննիսեան ժա­մա­նեց Ա­թէնք, ա­պա՝ այ­ցե­լու­թիւն­ներ տո­ւաւ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Ազ­գա­յին «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ, ինչ­պէս նաեւ ­Ֆիք­սի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ու ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րան­ներն ու ման­կա­պար­տէզ­նե­րը։
Վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ ան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ դպրոց­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց, ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րու ու ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ, այ­ցե­լեց դա­սա­րան­նե­րը, զրու­ցեց ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ եւ տե­ղեակ պա­հո­ւե­ցաւ գոր­ծադ­րո­ւող կրթա­կան ծրագ­րին մա­սին։
Պրն. նա­խա­րա­րին կ’ըն­կե­րակ­ցէին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը։ ­Բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ փոք­րիկ ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գեր կա­տա­րե­ցին, հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին պրն. նա­խա­րա­րին, լսե­ցին ա­նոր յոր­դորն ու քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քը, ցոյց տո­ւին Ար­ցա­խի վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու նո­ւի­րո­ւած ի­րենց գծագ­րու­թիւն­նե­րը եւ գե­ղե­ցիկ ու խան­դա­վառ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­ցին։ Պրն. նա­խա­րա­րը գնա­հա­տան­քի իր խօս­քը ուղ­ղեց վար­ժա­րան­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, տնօ­րէն­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն՝ ա­նոնց տա­րած նուի­րեալ աշ­խա­տան­քին հա­մար։ ­Յա­ջորդ օ­րե­րուն նա­խա­տե­սո­ւած են նա­խա­րա­րի տար­բեր այ­ցե­լու­թիւն­ներ՝ յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րու, մօ­տէն ճանչ­նա­լու եւ ի­րա­զե­կո­ւե­լու հա­մար գա­ղու­թի գոր­ծու­նէու­թեան ու աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին։
Յար­գան­քի տուրք՝ Նէա Զ­միռ­նիի ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած
յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ եւ հան­դի­պում քա­ղա­քա­պետ Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քի­սի հետ
Ա­թէն­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն ­Նէա Զ­միռ­նիի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած յու­շար­ձան «­Զան­գակ»ին առ­ջեւ, ­Ֆիք­սի Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէի դա­սա­ւո­րու­մով, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քի­սի կող­մէ ըն­դու­նուե­ցաւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան։ Ան­կեղծ բա­րե­կա­մու­թեան ու ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին պրն. քա­ղա­քա­պե­տը՝ քա­ջա­տե­ղեակ ըլ­լա­լով Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ու ա­ռօ­րեա­յի մա­սին, զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ, իր անձ­նա­կան, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի զօ­րակ­ցու­թիւնն ու օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­լով։
Ան յի­շե­ցուց ­Նէա Զ­միռ­նիի եւ հայ­րե­նի ­Սի­սիա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեանց մի­ջեւ բա­րե­կա­մա­կան սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին տար­բեր տե­սա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը՝ հա­ւաս­տիաց­նե­լով, թէ միշտ հա­յու­թեան կող­քին կը գտնո­ւի եւ յա­ւե­լեալ աշ­խու­ժա­նա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց։
Պրն. նա­խա­րա­րը իր կար­գին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին եւ անձ­նա­պէս քա­ղա­քա­պե­տին՝ ի նպաստ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի պայ­քա­րին  ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար, ու տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Ար­ցա­խի ­Մեհ­մա­նա գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րու մա­սին՝ յայտ­նե­լով, թէ ի­րենք եւս տու­ժած են Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ։
Պրն. նա­խա­րա­րը Ար­ցախ այ­ցե­լե­լու հրա­ւէր ուղ­ղեց պրն. քա­ղա­քա­պե­տին։
Գոր­ծակ­ցու­թեան բարձր մա­կար­դա­կով կա­յա­ցած հան­դի­պու­մը զար­գաց­ման եւ ընդ­լայն­ման լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կ’ըն­ձե­ռէ ա­պա­գա­յի հաշ­ւոյն։
Այ­ցե­լու­թիւն՝ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան
Նա­խա­պէս ճշդո­ւած ժա­մադ­րու­թեամբ, Ուր­բաթ՝ 15 ­Մարտ 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11։30ին, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան այ­ցե­լեց յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին  Ա­ռաջ­նոր­դա­րան, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցաւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի հետ։ Սր­բա­զան ­Հօր սի­րա­լիր ըն­դու­նե­լու­թեան ժա­մա­նակ, խօ­սակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լե­ցաւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին եւ ա­նոր ա­ռօ­րեա­յին մա­սին, ինչ­պէս եւ Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծա­ռոյ­թին գծով ըն­թաց­քի մէջ ե­ղող քայ­լե­րուն վե­րա­բե­րեալ։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը յայտ­նեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի հաս­տատ յանձ­նա­ռու­թիւնն ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ Ար­ցա­խի կող­քին մշտա­պէս գտնո­ւե­լու եւ աշ­խու­ժօ­րէն գոր­ծե­լու։
Պրն. նա­խա­րա­րը իր կար­գին գնա­հա­տեց սփիւռ­քի մէջ թա­փով ու մղու­մով տա­րո­ւող բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը, կա­րե­ւո­րե­լով բո­լո­րի ներդ­րու­մը Ար­ցա­խին ու ա­նոր ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ։ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­րա­րին կ’ըն­կե­րակ­ցէին ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին ըն­կեր­նե­րը։ Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­ռաջ­նոր­դեց հիւր նա­խա­րա­րը՝ Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեցի, եւ հե­տաքրք­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց յու­նա­հա­յոց հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն մա­սին։
Ժո­ղովր­դա­յին հա­ւաք Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Ա­թէն­քի մէջ
Ինչ­պէս ար­դէն մա­մու­լով յայ­տա­րա­րո­ւած է, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի դի­մադ­րա­կան հե­րո­սա­կան ո­գիին եւ մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծա­ռոյ­թին կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին եր­կու կա­րե­ւոր ե­լոյթ­ներ ծրագ­րո­ւած են Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէ եւ Ա­թէնք։ ­Խօս­քով հան­դէս պի­տի գայ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան, իսկ Ա­թէն­քի մէջ հրա­պա­րա­կա­յին զրոյ­ցին պրն. նա­խա­րա­րի կող­քին ե­լոյթ­ներ պի­տի ու­նե­նան ­Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րու դա­սա­խօս փրոֆ. Խ­րիս­թո­տու­լոս Եա­լու­րի­տիս եւ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց դա­սա­խօս փրոֆ. Ա­ֆեն­տու­լիս ­Լան­կի­տիս, իսկ զրոյ­ցը պի­տի վա­րէ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ընկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-­Գո­լա­նեան։

Այս ե­լոյ­թը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 20 ­Մարտ 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։30ին, Յու­նաս­տա­նի Լ­րագ­րող­նե­րու ­Միու­թեան (ΕΣΗΕΑ) սրա­հէն ներս (Ա­քա­տի­միաս 20, Ա­թէնք), ուր հրա­ւի­րո­ւած են մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րը՝ լսե­լու եւ մաս­նա­կից դառ­նա­լու։