Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւններուն Հիմնական Յաւակնորդները Արամ ԱթԷշեանն Ու Սեպուհ ՉուլՃեանն Են

Սփիւռք

Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի՝ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացը կը սկսի Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի մահուան քառասունքէն ետք, կը հաղորդէ “Թերթ”-ը:

«Պոլսոյ պատրիարքի աթոռի թեկնածուներուն մէկ մասը նախորդ անգամ հրաժարած էին մասնակցելէ ընտրութիւններուն: Հիմա ալ դժուար է ըսել, թէ անիկա ի՛նչ ընթացք պիտի ստանայ: Մինչեւ թեկնածուներուն առաջադրուիլը, նախ նամակ պէտք է ուղարկուի անոնց՝ պարզելու համար, թէ անոնք պիտի մասնակցի՞ն ընտրութիւններուն: Իսկ մինչ այդ պէտք է Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններ կատարուին: Կրօնական ժողովը պէտք է տեղապահ ընտրէ, եւ այդ տեղապահը պէտք է կազմակերպէ ընտրութիւնները», ըսաւ Էսդուգեան:

Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի թեկնածութեան անդրադառնալով, Էսդուգեան նկատեց, որ ան ինքզինք արդէն «մաշած է» վերջին զարգացումներուն ընթացքին: «Բայց ան ալ իր կողմնակիցները ունի», ըսաւ ան:

Խօսելով մէկ այլ հաւանական թեկնածուի՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանին մասին՝ Էստուկեան նշեց, որ ան խոստումնալից է եւ թէ ան հաւանաբար հանդիպի պոլսեցի իր համակիրներուն հետ:

«Կը Կարծեմ, որ մրցակցութիւնը կ՛ըլլայ այս երկուքին միջեւ», ըսաւ Էսդուգեան:

Պոլսահայ խմբագիրը նկատեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն միջամտել ընտրական գործընթացին, կը փորձեն աջակցիլ իրենց համար ցանկալի թեկնածու Արամ Աթէշեանին:

«Բայց ժողովուրդն է, որ պէտք է որոշէ, թէ որուն կ՛ուզէ ընտրել», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ըստ Էսդուգեանի կրնան խոչընդոտներ, սահմանափակումներ ստեղծել թեկնածուներուն համար, որ վստահաբար մեծ աղմուկ կը յառաջացնէ:

«Կրնան ըսել, որ ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ միայն Թուրքիոյ մէջ ծնած եւ ծառայած հոգեւորականները: Իսկ ատիկա արդէն հարց է: Եթէ նման բան պարտադրուի, արդէն տեղի ունեցողը ընտրութիւն կարելի չէ անուանել», ըսաւ Էսդուգեան:

Հայ համայնքը, ըստ Էսդուգեանի, հիմա պատրիարք ընտրելով՝ կ՛ուզէ իր արժանապատուութեան հարցը լուծել: «Հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահող պատրիարք պէտք է ունենանք: Այսինքն՝ կառավարութեան, մամուլին առջեւ հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահող պատրիարքի կարիքը ունինք», եզրակացուց ան: