Հայաստանը եւ ԵՊԲՀ-ը Ճանչցուած են HORIZON 2020 TWINNING Ծրագիրի Յաղթող

Աշխարհ, Հայաստան

Առաջին անգամ Հայաստանը, ի դէմս Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի, ճանչցուած է HORIZON 2020 Twinning ծրագիրի յաղթող: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնեն Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի լրատուական ծառայութենէն։

ԵՊԲՀ-ն արդէն ստացած է Եւրոյանձնաժողովի պաշտօնական նամակը՝ «COBRAIN: Armenia Center for Translational Research on Chronic Neurodegenerative Disorders:

A Neuroscience Initiative on Maintaining Healthy Brain Ageing» վերնագիրով նախագիծը շահած է HORIZON 2020 Twinning ծրագիրը՝ իբրեւ համակարգող` ստանալով հնարաւոր առաւելագոյն նիշի 96.6 տոկոսը:

Նախագիծը հիմք պիտի հանդիսանայ Հայաստանի մէջ Ուղեղի նախաձեռնութեան թողարկման եւ Ուղեղի հետազօտութեան գերազանցութեան կեդրոնի համար համապատասխան աշխատակազմի ու ենթակառուցուածքի ձեւաւորման համար: Horizon 2020-ը Եւրոպական միութեան ամենախոշոր հետազօտական եւ նորարարական գերազանցութեան ծրագիրն է, ոը մրցութային սկզբունքով նիւթական աջակցութիւն կու տայ միայն լաւագոյններուն: Ծրագիրը շահելու հաւանականութիւնը իւրաքանչիւր տարի կը կազմէ 10-14 տոկոս, իսկ եօթը տարիներու (2014-2020) համար նախատեսուած ընդհանուր պիւտճէն` 80 միլիառ եւրօ: