Ընթերցման Առաքինութիւնը, Որ Կար Եւ Անոր Հակամշակութացնող Տեղատւութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Ըսէ՛ ինծի` ի՞նչ կը կարդաս, քեզի պիտի ըսեմ, թէ ո՛վ ես դուն:
Բայց քեզ աւելի լաւ պիտի ճանչնամ, 

եթէ ինծի ըսես, թէ ի՛նչ կրկին կը կարդաս:

Ֆրանսուա Մորիաք,
ֆրանսացի գրող, Նոպէլեան դափնեկիր

 

Սփիւռքի բաբախող սիրտ համարուող հայկական համայնքին մէջ` Պէյրութ, տասնհինգ օրուան այցելութեան մը ընթացքին, ներկայ եղայ երեք բանաստեղծական երեկոներու: Բանաստեղծները հայ էին: Սփիւռքի մէջ հայ գրականութիւնը դեռ կ՛ապրի, թէեւ` հետզհետէ կծկուող շրջանակի մէջ, գիրքեր կը հրատարակուին, կը ներկայացուին: Բայց տխրութեամբ նկատեցի, որ գիրքերը հեղինակներուն կողմէ կրկին նուէր կը տրուէին, անոնցմէ մէկուն գիրքերը կը վաճառուէին ոչ թէ հեղինակին աշխատանքը գնահատելու համար, այլ` այն խոստումով, որ գոյացած գումարը նուէր պիտի տրուէր Հայաստանի կամ Արցախի մէջ իրագործուելիք նախաձեռնութեան մը:

Գիր-գրականութեան ընթերցման տեղատուութիւնը այդպէս ալ ներկայ ժամանակի վերագրուած համատարած ախտ չէ ուրիշներու մօտ, ինչպէս որ ան է հայկական իրականութեան մէջ: Ճափոնցի Հարուքի Մուրաքամի գրողին նոր գիրքը լոյս կը տեսնէ 700.000 տպաքանակով եւ նոյն օրն իսկ կը սկսի թարգմանուիլ բազմաթիւ օտար լեզուներու: Այդ 700.000 գիրքերը նուէր չեն տրուիր եւ ոչ ալ` անոնց թարգմանութիւնները:Եւ հեղինակը ճափոներէն հրատարակութեան եւ թարգմանութիւններուն համար պատուագին կը ստանայ: Գրողը իր գրիչով ապրելու իրաւունք ունի:

Այդ գիտակից եւ քաղաքակիրթ իրաւունքը ընթերցողը կու տայ:

Մարդիկ գիրք կը գնեն եւ կը կարդան:

Պէտք է յիշել, որ մօտաւոր անցեալին Հայաստանի մէջ գիրքերու տպաքանակը տասնեակ հազարաւորներով էր: Կազմաւորման (կազմալուծման) ընթացքի մէջ եղող սփիւռք(ներ)ը գրատուներ ունէր, Փարիզ եւ Նիւ Եորք, անոնք տասնեակներով էին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Հայկական թերթերը թերթօնի ձեւով գիրքեր կը հրատարակէին, հայ մարդիկ զանոնք խնամքով կը պահէին, կը կազմէին, անոնք իրենց գրադարանին մէջ տեղ ունէին: Հայկական գրադարաններէ վարձով գիրքեր փոխ կ՛առնուէին:

Յիշեցէ՛ք, հաշուեցէ՛ք եւ բաղդատեցէ՛ք:

Ի՞նչ պատահած է հայկական հաւաքականութիւններուն, ո՞ւր կ՛երթանք, ո՞ւր կրնանք հասնիլ, կամ հասած ենք:

Ա՛յս ալ այլասերման ցուցանիշ չէ՞: Չի՞ մտահոգեր ղեկավարութիւնները: Կարգախօսներէ առաջ եւ վերջ կը պատահի՞, որ անոնք հարցը օրակարգ դարձնեն եւ լուծումներ փնտռեն ու գտնեն:

Գիրք գնել եւ կարդալ`մարդկային եւ մշակութային որակ է: Մեր պարագային ան պէտք է ըլլայ նաեւ ազգային որակ:

Երբեմն բեմերէ եւ խորաններէ պէտք է կրկնել Ֆրանսուա Մորիաքի խօսքը. «Ըսէ՛ ինծի` ի՞նչ կը կարդաս, քեզի պիտի ըսեմ, թէ ո՛վ ես դուն: Բայց քեզ աւելի լաւ պիտի ճանչնամ, եթէ ինծի ըսես, թէ ի՛նչ կրկին կը կարդաս»: Հարցումը պէտք է ուղղել անհատներուն եւ հաւաքականութիւններուն: Այսինքն դեռ ՀԱՅ կոչուած մարդիկ, երբ իրենց ժողովուրդին գիրքերը չեն կարդար, ի՞նչ են: Պէտք չէ արդարացումներ գտնել` թաքնուելով համացանցի, այ-ֆոնի, հեռատեսիլի փաստարկներու ետին, ըստ որոնց, ամէն բան կը գտնեն անոնց եթերին մէջ:

Հարցում մը. ճափոնցիէ՞ն աւելի համացանցի եւ այ-ֆոնի մասնագէտ ենք` բացատրելու եւ արդարացնելու համար գիր-գրականութենէ մեր խորթացումը:

Գիր-գրականութիւնը ո՛չ պատէն կախուելիք գեղօր է, ո՛չ ալ թանկարժէք գեղանկար: Ան հոգիներու ազնուացման դարպասն է: Մարդկային զգացումներու, գաղափարներու եւ փորձի ժառանգութիւն կը բերէ: Բոյսերը եւ անասունները նման ժառանգութիւն չեն ստանար: Իսկ մարդ արարածը շարունակութիւն ըլլալու համար այդ ժառանգութեան պէտք ունի, անով շարունակութիւն կ՛ըլլայ, որ տարբեր որակ է կտակուած շէնքէ, մարմարէ կամ դրամատան հաշիւէ: Անոր ճամբով կը հասկնանք, որ մեր գոյութիւնը իմաստ ունի, իմաստներ, որ չի սահմանափակուիր տպաւորիչ հոգեճաշով կամ գերեզմանատան տապանաքարով, պարզապէս կը հասկնանք, որ ո՛չ քար ենք եւ ո՛չ ալ բոյս: Ի վերջոյ, քանի մը սերունդ ետք, լաւագոյն պարագային, ի՞նչ կ՛ըսեն տապանաքարերը:

Քիչ մըն ալ մտածենք վարժապետի եւ դաստիարակի պէս, քանի որ մարդ արարածը ամբողջ կեանքի ընթացքին կը սորվի, կը դաստիարակուի կամ ինքզինք կը դաստիարակէ, այդ պատճառով ալ թերթ կը կարդայ, հեռատեսիլի դիմաց կը նստի, հիմա ալ Դիմատետրով կը կարծէ զարգանալ: Տարրական փորձը ցոյց կու տայ, որ ընթերցումը նոր հորիզոն կը բանայ, ան ըլլայ գիտական, քաղաքական, բարոյական, արուեստներու, բարոյականի, իմաստութեան, ընդհանուր բնորոշումով` աշխարհաճանաչողութեան: Ան միաժամանակ հաճելի զբօսանք է, ժամանակին հետ քայլ պահելու եւ ինքնաթարմացման կը նպաստէ: Զբօսանք բառը ֆրանսերէնի մէջ այդ իմաստը ունի, rռcrռaion, վերստին ստեղծել: Այդպէս է ընթերցումը, քանի որ գրուածը կարդալով` մենք կ՛ընենք մե՛ր ընթերցումը, մեկնելով ընթերցուած էջէն` մեր բացատրութիւնը կը փնտռենք, նոյն ձեւով չենք հակազդեր, նոյն ձեւով չենք թրթռար:

Գործնական տեսանկիւնէ, ընթերցումը մեր լեզուի իմացութեան կը նպաստէ, քանի որ իւրաքանչիւր գրողի հետ լեզուն վերածնունդ կ՛ապրի: Նարեկացիի, Մեծարենցի կամ Պարոյր Սեւակի լեզուն մեր առօրեայ նպարավաճառային հասարակ տեղիք եւ կամ քլիշէ քաղաքական ճոռոմաբանութիւնը չէ, որ տեղէ մը եւ տեղ մը արդէն լսուածի տպաւորութիւն կը ձգէ: Իսկ եթէ հետեւինք գիտութեան թելադրութեան,  ան յիշողութեան մարզանք է, ուղեղի ճոկինկ, որ անտառի տեսարաններէն տարբեր դռներ կը բանայ մեր երեւակայութեան առջեւ: Ըստ բժիշկներուն, ան կը կանխէ նաեւ յիշողութեան կորուստի հիւանդութիւնը` ալցայմըրը, որուն մասին յաճախ կը լսենք եւ կը խօսինք: Ընթերցանութիւնը այս ուղղութեամբ ինքնադարմանման միջոց է:

Ոչ ոք կը կասկածի, որ ընթերցումը մարզանք է բաղդատութիւններով մտածելու, այսինքն կը վարժուինք վերլուծել եւ դատել` փոխանակ մնալու քարացած դատումներու մէջ:

Այժմէական հարց մըն ալ: Ընդհանրացող սովորութիւն է արդիական սարքերու (tablette)-ներու վրայ, գիրք կարդալ, e-book, որ գործնական է, բայց լրացուցիչ պէտք է ըլլայ: Փաստուած է նաեւ, որ թուղթի վրայ գրուածի ընթերցումը աւելի օգտակար է:

Երբ սովորութիւն չունինք գիրք կարդալու, երբ չենք սիրեր կարդալ, փորձենք մեզ հետաքրքրող նիւթերու մասին գիրքեր գտնել, անոնք այնքա՜ն բազմաթիւ են, ընթերցումի պահ մը ստեղծել օրուան ընթացքին:

Ի հարկէ աւելի լաւ է նաեւ երբ ընթերցումը նպատակ մը կը հետապնդէ, ան ուսուցիչ կրնայ ըլլալ, որ մենք մեզ բարելաւենք, նոյնիսկ զբօսաշրջիկը կրնայ ընթերցումներ կատարել իր այցելելիք վայրերուն մասին, որպէսզի չբաւարարուի ճաշերով եւ սելֆիական լուսանկարներով, ճանչնայ` մարդիկ, քաղաքակրթութիւն եւ աշխարհներ:

Ուսուցիչը, հաղորդակցական զանգուածային միջոցները, հանդիսութիւնները հաւասարապէս կրնան օգտագործուիլ ինքնահարստացման ծառայելու կոչուած ընթերցման զարգացման: Թերեւս այդ ճամբով նաեւ մարդիկ աւելի կ՛ազնուանան, մակերեսայնութենէ անդին` խորք կը նուաճեն: Այս ալ ձեւով մը հոգիի եւ միտքի գեղեցկացման միջամտութիւն է:

Իսկ մեր ժողովուրդի պարագային, հայերէն գիր-գրականութեան ընթերցումը հարազատութիւն պահելու եւ փոխանցելու լուսաւոր ճամբայ է, որպէսզի շարունակութիւն ըլլանք եւ ոչ թէ` ծագումով հայ:

Կը սիրենք, այս կամ այն տարեդարձներու առիթներով, հայրենասիրական ճառեր եւ երգեր լսել (մանաւանդ): Եթէ պահ մը մտածենք, որ տարին մէկ հայերէն գիրք գնեն ու կարդալը ինքնատիպ եւ լուսաւոր կրկնակի յեղափոխութիւն է, մեզի եւ գրողին համար, ինչե՜ր կը փոխուին մեր կեանքին մէջ:

Արդարեւ, իւրաքանչիւր հայ եթէ տարին մէկ գիրք գնէ, գիրք հրատարակելու համար մեկենաս չենք փնտռեր, հայ գրողը կրնայ յաւակնիլ օր մը իր գրիչով ապրիլ, եւ մենք ալ կը դառնանք քաղաքակիրթ ազգ, ոչ թէ մեր մարմարներով եւ լողաւազաններով, այլ` մեր ապրող մշակոյթով:

Ոչ մէկ ձեւով հպարտութիւն է հայ անհատին կամ հաւաքականութեան համար քանի մը հարիւր տպաքանակով լոյս տեսած եւ նուէր տրուած գիրքը: Ընդհակառակն. նուաստացում է:

Ըսինք` վերականգնում, ըսինք` հայապահպանում, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ընելու համար:

Հարցում` ուղղուած շարքային հայուն եւ բուրգին գագաթը գտնուելու յաւակնութիւն ունեցող արժանաւորներուն եւ անարժաններուն:

Ի հարկէ, այս տողերը պիտի կարդան կարդացողները:

Ի՞նչ ընել ընթերցումէ եւ մանաւանդ հայերէն գիր-գրականութենէ խզուածներուն համար, անոնք ըլլան հայաբարբառ թէ օտարաբարբառ: Չէ՞ք խորհիր, որ ազգապահպան եւ մշակութապահպան գործունէութեան լայն դաշտ կայ անոնց առջեւ, որոնք իրենք իրենց ազգ եւ համայնք առաջնորդելու դեր տուած են, երբեմն գործածելով ուռուցիկ առաքելութիւն բառը: