Ալիեւ Արցախի Հարցի Բանակցային Ձեւաչափը Փոխելը Անընդունելի Կը Համարէ

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Մարտ 14-ին յայտարարած է, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն ձեւաչափը փոխելու Հայաստանի կառավարութեան փորձերը «անընդունելի են»: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը՝ վկայակոչելով  minval.az-ը:

«Հայաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ փոխել բանակցութիւններու ձեւաչափը: Այս մէկը ընդունելի չէ եւ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացի արգելափակման փորձ է»,- աւելցուցած է ան։

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած միջազգային համաժողովի մը ընթացքին, Ալիեւ շեշտած է, թէ եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները եւս հանդէս եկած են բանակցութիւններու ներկայ ձեւաչափին փոփոխութեան դէմ:

«Բանակցութիւնները պէտք է ըլլան արդիւնաւէտ, այլ ոչ թէ յանուն բանակցութիւններու: Անոնք պէտք է հասցնեն ատրպէյճանական բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման»,- կրկնած է Ալիեւ՝ դարձեալ «անընդունելի» որակելով Արցախի ներկայ իրավիճակը: