Հայատեացութեան Դրսեւորումները Լուսարձակի Տակ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

8 Մարտին, ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակին եւ «Թուֆէնկեան» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայատեացութիւն. Պատմական եւ Արդի Դրսեւորումներ» խորագիրը կրող խորհրդաժողովը:

Հայատեացութեան երեւոյթը ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պետական քաղաքականութեան առանցքներէն մէկը դարձած է տարիներ շարունակ՝ ոչ միայն խոչընդոտելով արցախեան հարցին քաղաքական լուծումը, այլեւ Ատրպէյճանի հասարակութիւնը լարելով դրացի հայ ժողովուրդին դէմ:

Երբ ժողովուրդներ դատապարտուած են ապրելու նոյն տարածաշրջանին մէջ, ունենալով մէկտեղ հարցեր, երկխօսութեան կարելիութիւններ պէտք է ստեղծեն ներկայ դարուն չափանիշերով հարցերու լուծման ուղղուելու, ոչ թէ միջնադարեան վայրագութեան դրսեւորումներն ու ատելութեան մթնոլորտը սրելու:

Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայեր բազմիցս դէմ յանդիման կանգնած են Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած հայատեացութեան երեւոյթին: Այս երեւոյթին զոհը դարձած են ոչ միայն հայեր, այլեւ Արցախ այցելող եւրոպացիներ անգամ:

Խորհրդաժողովին նպատակը հայատեացութեան որպէս անմարդկային երեւոյթ ներկայացումն էր Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս: Եւրոպական խորհրդարանը շատ կարեւոր հարթակ է, հետեւաբար զանազան ոլորտներէ ոչ հայ մասնակիցներու ներգրաւումը այս խորհրդաժողովին, հարցին բազմակողմանի քննարկումին պիտի ծառայէր բնականաբար:

Խորհրդաժողովը իր 100-է աւելի մասնակիցներով՝ յատկապէս Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխաններու օգնականներ, եւրոպական զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանցիներ ներգրաւելով, առիթ ընծայեց արցախեան հարցին բազմակողմանի քննարկման, լոյսին բերելով անոր ճշմարիտ էութիւնը:

Հայկական կողմը կը միտէր նաեւ երկխօսութեան, անկեղծ զրոյցի մթնոլորտ ստեղծել խորհրդաժողովին ներկայացած ատրպէյճանցիներուն հետ եւս: Անոնք, սակայն, իրենց տեսակէտերը յայտնելէ եւ հայկական կողմին կարծիքը լսելէ ետք լքեցին սրահը եւ յաջորդ օրն իսկ ապատեղեկատուական իրենց քարոզարշաւը սկսան՝ յայտնելով որ տապալած են ձեռնարկը:

Մինչդեռ ձեռնարկը իր նպատակին հասած էր, յատկապէս նկատի ունենալով, որ զեկուցաբերները միայն հայկական կողմը չէին ներկայացներ: Այս էր խորհրդաժողովին յաջողութեան առաջին գրաւականը:

Գլխաւոր զեկուցաբերներն էին.- թուրք պատմաբան Ռակըպ Զարաքօլուն, լրագրող Ալեքսանտր Լափշինը, Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպանն ու լեհ հայագէտ Եագուպ Օշիեցկինը: Տեղի ունեցաւ ակադեմական վերլուծութիւն եւ հարցը ներկայացուեցաւ մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն:

Հայկական կողմը համոզուած էր, որ հասարակութիւնը խաղաղութեան պատրաստելու համար, անհրաժեշտ է որ մարդիկ իրարու հետ խօսին ու տեսակէտեր փոխանակեն: Ցաւօք ատրպէյճանցիներ անգամ մը եւս փախուստ տուին դէմ առ դէմ քաղաքակիրթ երկխօսութեան այս առիթէն ու անգամ մը եւս հաստատեցին այլատեացութեան աստիճանն ու մակարդակը իրենց երկրէն ներս: Հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ կը սկսի դպրոցներէն, կ’ընդլայնի հասարակութեան մէջ ու երկրի իշխանութիւններուն նեղ շահերուն տուրք տալով կը դժուարացնէ արցախեան հարցին խաղաղ կարգաւորումը: Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին հայատեացութեան վառ օրինակներուն համայն աշխարհը վկայ հանդիսացաւ:

Այս առումով, Հայ Դատի գրասենեակին կազմակերպած ձեռնարկները կը միտին Արցախը մեկուսացումէն դուրս բերել, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս Արցախի հարցին ի նպաստ ենթահող պատրաստել, բայց մանաւանդ դիւանագիտական աշխատանքներու մէջ ներգրաւել Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդ սերունդը՝ համապատասխան գիտելիքներով եւ փորձառութեամբ զինելու զայն, յատուկ հիմնադրամներ յառաջացնելով ու մեր երիտասարդները Եւրոպական Խորհրդարանի աշխատանքներուն ծանօթացնելով: