«Հայ Մամուլի Տարուան» Առիթով. Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանահայ Օրաթերթերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետին կողմէ «2019. Հայ մամուլի տարի» հռչակուելուն առիթով, հինգշաբթի, 14 մարտ 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները` «Ազդակ»-էն Շահան Գանտահարեանը, «Զարթօնք»-էն Սեւակ Յակոբեանը եւ «Արարատ»-էն Անի Եփրեմեանը:

Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը պատասխանատու խմբագիրներուն հետ քննարկեց «Հայ մամուլի տարուան» առիթով շարք մը նախաձեռնութիւններուն կարելիութիւնները: Հետագային պիտի մշակուի համապատասխան ծրագիր, եւ հաղորդագրութեամբ մը մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուին հանրութեան: Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ արծարծելու լիբանանահայ մամուլը յուզող շարք մը մտահոգութիւններ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ