Category: Սփիւռք
Արցախի Տաղանդաւոր Գեղանկարիչներու Գործերու Ցուցադրութիւն Եւ Արցախեան Գորգերու Ու Ձեռային Աշխատանքներու Ներկայացում Պէյրութի Մէջ
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 12 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի տաղանդաւոր գեղանկարիչներու ցուցահանդէս, ինչպէս նաեւ […]
Կարօ Փայլան Հարցումներ Ուղղած Է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարին
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանը Պոլսոյ հայաշատ Սամաթիա թաղամասին մէջ բնակող հայ կնոջ` 31 Մայիսի դանակահարութեան դէպքին առնչութեամբ հարցում ուղարկած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման […]
Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զոպույեան Հալէպ Հասաւ
Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2019-ին, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները Պէյրութի մէջ դիմաւորեցին Բերիոյ հայոց թեմի ընտրեալ առաջնորդ Մասիս եպս. Զոպույեանը, իսկ չորեքշաբթի օր առաջնորդին հետ միասին ուղեւորուեցան դէպի Սուրիա: […]
Թուրքիան Արձագանգած է Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Հոլանտայի Ընդունած Բանաձեւին
Թուրքիան խիստ արձագանգած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով Հոլանտայի մէջ նախօրէին ընդունուած բանաձեւին։ Վկայակոչելով Anadolu Ajansı-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած գրաւոր յայտարարութեան մէջ Հոլանտայի ներկայացուցիչներու պալատի […]
Համահայկական Խաղերու Ջահը Վառած է Մուսա Լերան Գագաթին (լուսանկարներ, տեսանիւթ)
Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը յատուկ առաքելութեամբ ժամանած է Կիլիկիայ: Մուսա Լերան ստորոտը՝ Վագըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պոլսոյ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Հայր Թաթուլ Անուշեանի ձեռամբ նախ մատուցուած […]
Արցախեան Ժամանակակից Հրատարակութիւններու Ներկայացում` Պէյրութի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 11 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ժամանակակից հրատարակութիւններու ներկայացում: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի […]
Արամ Արք. Աթէշեան Այցելեց Սամաթիոյ Մէջ Դաշունահարուած Հայուհիին
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելեց Հայաստանէն արտագաղթելով Պոլիս հաստատուած Սարգիս եւ Արփինէ ամոլին: Յիշեցնենք, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ, Արփինէն Սամաթիոյ իր բնակարանին մէջ դաշունահարուած էր: Այս […]
Պոլսոյ Հայերուն Դէմ Սաստկացող Ատելութեան Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուեցաւ
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Հիւտա Քայա Յունիս 11-ին, խորհրդարանի քննարկումի նիւթ դարձուց Պոլսոյ հայերուն դէմ կազմակերպուած յարձակումները: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին ուղղուած հարցումներուն մէջ, պատգամաւորը մասնաւորապէս […]
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 101-րդ Տարեդարձի Նշում` Կիպրոսի Մէջ
Յունիս 9 -ին Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի մարզադաշտին մէջ հանդիսաւորապէս նշուած է Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակը, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի, Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի, ՀՕՄ-ի Կիպրոսի […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքին Սրբութիւնը Պէտք Է Պահել Անեղծ` Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Ճամբով»
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած կիներու լսարանը եզրափակեց 2018-2019 տարեշրջանի իր սերտողութիւնները Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ` Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական պատգամով: Աւանդութեան համաձայն, տարեշրջանի եզրափակիչ պատգամը […]










