Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զոպույեան Հալէպ Հասաւ

Սփիւռք

Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2019-ին, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները Պէյրութի մէջ դիմաւորեցին Բերիոյ հայոց թեմի ընտրեալ առաջնորդ Մասիս եպս. Զոպույեանը, իսկ չորեքշաբթի օր առաջնորդին հետ միասին ուղեւորուեցան դէպի Սուրիա:

Սուրիական սահմանին վրայ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը դիմաւորուեցաւ թեմի Գործադիր իշխանութեան` Ազգային կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, իսկ Հալէպի մուտքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ Հրաչ Յակոբեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեանի եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Ըստ «Գանձասար»-ի՝ նորընտիր առաջնորդը այնուհետեւ հասաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր ծափողջոյններով, եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջներով, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերուն հնչեցուցած երգերով դիմաւորուեցաւ ազգային մարմիններու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, Հայ աւետարանական եւ կաթողիկէ համանքապետներու ներկայացուցիչներուն, քրիստոնեայ համայնքապետներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:

Եկե­ղեց­ւոյ մէջ, Կա­նո­նա­կան աղօթ­քէն ետք բաց­ման խօսք ար­տա­սա­նեց Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տէր Յու­սիկ Աւագ Քա­հա­նայ Սեդ­րաք­եան, ապա Առաջ­նոր­դա­կան Ասան յանձ­նեց Գերշ. Տէր Մա­սիս Եպս. Զոպ­ույ­եա­նին, անոր մաղ­թե­լով ծաղկ­եալ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մէն ներս:

Բա­րի գա­լուս­տի արա­բե­րէն խօս­քով, Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տէր Խո­րէն Քա­հա­նայ Պէր­թիզլ­եան նո­րըն­տիր Առաջ­նոր­դը ներ­կա­յա­ցուց ժո­ղո­վուր­դին:

Ապա Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տէր Մաշ­տոց Աւագ Քա­հա­նայ Արա­պաթլ­եան հա­յե­րէ­նով ըն­թեր­ցեց Առաջ­նոր­դին կեն­սագ­րու­թիւնը:

Այս առի­թով Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դը իր անդ­րա­նիկ պատ­գա­մը ուղ­ղեց հա­ւա­տաց­եալ ժո­ղո­վուր­դին:

Գերշ. Տէր Մա­սիս դի­տել տուաւ, որ Լի­բա­նա­նի սահ­մա­նէն Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նիք մտած պա­հուն, ամէ­նու­րեք բարձ­րա­ցած էր սուր­ի­ա­կան դրօ­շը, տա­րած­ուած էր սուր­ի­ա­կան բա­նա­կը եւ Հա­յոց Առաջ­նոր­դը կը դի­մա­ւոր­ուէր մեծ յար­գան­քով: «Այս բո­լո­րին ի տես գօ­տեպնդ­ուե­ցայ` սի­րով ծա­ռա­յե­լու Սուր­ի­ա­կան այն Հայ­րե­նի­քին, որուն ժո­ղո­վուր­դը ձեռք եր­կա­րեց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճողոպրած հայութեան: Այս­տեղ հայ ժո­ղո­վուր­դը վե­րա­կա­ռու­ցեց իր տու­նը, գոր­ծա­րա­նը, բնա­կա­րա­նը ու հիմ­նեց միու­թիւն­ներն ու դպ­րոց­նե­րը, դար­ձաւ պար­կեշտ քա­ղա­քա­ցի, աշ­խա­տե­ցաւ եւ սա­տա­րեց Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի ծաղ­կու­մին»,- ըսաւ Սր­բա­զան Հայ­րը, ապա բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց Սուր­իոյ իմաս­տուն նա­խա­գահ տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տը, որ նա­խա­գա­հա­կան պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէն ի վեր երի­տա­սար­դա­կան շուն­չով կ՛ոգե­ւո­րէ ժո­ղո­վուր­դը եւ սէր ու յար­գանք կը տածէ քրիս­տոն­եայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, յատ­կա­պէս հայ հա­մայն­քին հանդէպ:

Գերշ. Տէր Մա­սիս Զոպ­ույ­եան շնոր­հա­կա­լա­կան եւ երախ­տա­գի­տա­կան խօսք ուղ­ղեց թե­միս Երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վին, որ խո­նարհ եւ հա­մեստ իր ան­ձը ար­ժա­նի նկա­տեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դի պատ­մա­կան գա­հին բարձ­րա­նա­լու: Ապա եղ­բայ­րա­կան ջերմ սի­րով յի­շեց թե­միս նախ­կին Առաջ­նորդ Գերշ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նը, որ սրտ­բա­ցօ­րէն ծա­ռա­յեց իր հօ­տին`միշտ մնա­լով անոր կող­քին:

Սր­բա­զան Հայ­րը ող­ջու­նեց Ազգ. Իշ­խա­նու­թիւնը եւ անոր հո­վանի­ին տակ գոր­ծող բո­լոր մար­մին­նե­րը, ող­ջու­նեց մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը անխ­տիր, յատ­կա­պէս նա­հա­տակ­նե­րուն ծնող­նե­րը` իր զօ­րակ­ցու­թիւնը յայտ­նե­լով անոնց: Ապա շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց զինք դի­մա­ւո­րե­լու եկած ժողովուրդին:

Գերշ. Տէր Մա­սիս Զոպ­ույ­եան իր պատ­գա­մը եզ­րա­փա­կեց խօ­սե­լով յոյ­սի մա­սին, Աւե­տա­րա­նէն մէջ­բե­րե­լով Տի­բեր­իոյ լի­ճին եզեր­քը հրա­շա­լի ձկ­նոր­սու­թեան այն դէպ­քը, երբ Քրիս­տոս յա­րու­թե­նէն ետք աշա­կերտ­նե­րուն երեւ­ցաւ եւ հրաշք մը գոր­ծե­լով թե­լադ­րեց ամէն պա­րա­գա­նե­րու տակ ապա­ւի­նիլ Տի­րոջ եւ չյու­սա­հա­տիլ:

Եզ­րա­փա­կե­լով Տէր Մա­սիս ըսաւ,- «Մի­աս­նա­բար պի­տի աշ­խա­տինք դարձ­եալ ծաղ­կեց­նե­լու այս գա­ղու­թը եւ թե­մը, յոյ­սով առաջ­նորդ­ուե­լու, աղօթ­քով գօ­տեպնդ­ուե­լու եւ լու­սա­ւոր աչ­քե­րով նա­յե­լու մեր ապա­գա­յին»:

Արա­րո­ղու­թիւնը աւար­տին հա­սաւ Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քով եւ «Կի­լիկ­իա» մաղ­թեր­քով:

Եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի նո­րըն­տիր Առաջ­նոր­դը Ազգ. Երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վին եւ Ազգ. Վար­չու­թեան հետ մի­ա­սին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ ըն­դու­նեց: