ԵԽ-ն Կը Գնահատէ Դատական Բարեփոխումներու Օրակարգին Հետամուտ Ըլլալու ՀՀ Վարչապետին յանձնառութիւնը. Եագլանտի Նամակը Փաշինեանին

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թէորպորն Եագլանտ նամակ յղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` ընդգծելով, որ Եւրոպայի խորհուրդը մեծապէս կը գնահատէ դատական բարեփոխումներու օրակարգին հետամուտ ըլլալու ՀՀ վարչապետին յանձնառութիւնը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ նամակին մէջ նշուած է.

«Յարգելի պարոն վարչապետ,
Կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ եւ Ձեր կառավարութեան այն ջերմ ընդունելութեան համար, որ ցուցաբերուեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի պատուիրակութեան անդամներուն, որոնք այցելեցին Հայաստան Մայիս 30-ին եւ 31-ին, ինչպէս նաեւ անոնց հետ ունեցած կառուցողական քննարկումներուն համար:

Եւրոպայի խորհուրդը մեծապէս կը գնահատէ դատական բարեփոխումներու օրակարգին հետամուտ ըլլալու Ձեր յանձնառութիւնը: Մենք նաեւ կը կիսենք Ձեր գնահատականը առ այն, որ պէտք է բազմապատկել կաշառակերութեան դէմ պայքարին ուղղուած ջանքերը եւ բարեփոխել ու վերակառուցել դատական համակարգը՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ Հայաստանի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան:

Արագ եւ վճռականօրէն իրականացուած համապարփակ եւ հեռանկարային դատական բարեփոխումներուն ռազմավարութիւնը պատշաճ կերպով իրականութիւն կը դարձնէ Ձեր կառավարութեան օրինական նպատակները: Այդ ռազմավարութիւնը կրնայ կառուցուիլ երեք յենասիւներու վրայ` կաշառակերութեան դէմ ուղղուած եռանդուն ջանքեր, դատական համակարգի անկախութեան եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացում եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու շտկում: Անիկա կրնայ առաջնորդուիլ Եւրոպայի խորհուրդի համապատասխան կառոյցներու եւ համակարգման կառուցակազմերու, մասնաւորապէս՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի, Վենետիկի յանձնաժողովի եւ GRECO- ի եզրակացութիւններով: Նման ռազմավարութիւնը պիտի ապահովէ վստահութիւն բարեփոխումներու նկատմամբ, անոնց կանխատեսելիութիւնը եւ միջազգային աջակցութեան շարունակականութիւնը:

Եւրոպայի խորհուրդը պատրաստ է աշխուժօրէն մասնակցելու այդ բարեփոխումներու իրականացման՝ Գործողութիւններու ա՛յն ծրագրի ծիրէն ներս, որուն մեկնարկը քանի մը օրէն պիտի տրուի Երեւանի մէջ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալին մասնակցութեամբ:

Շարունակական համագործակցութեան ակնկալիքով,

Անկեղծօրէն Ձեր,

Թորպէորն Եագլանտ»: