Թուրքիան Արձագանգած է Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Հոլանտայի Ընդունած Բանաձեւին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիան խիստ արձագանգած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով Հոլանտայի մէջ նախօրէին ընդունուած բանաձեւին։

Վկայակոչելով Anadolu Ajansı-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած գրաւոր յայտարարութեան մէջ Հոլանտայի ներկայացուցիչներու պալատի բանաձեւը որակուած է իբրեւ «անհիմն հերիւրանք» եւ ներկայացուած է այն պնդումը, թէ որոշումը ընդունուած է «հակաթրքական շրջանակներու նախաձեռնութեամբ»։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ որոշման ընդունման նպաստած ուժերուն քայլերը անպատասխան պիտի չի մնան, իսկ Հոլանտայի խորհրդարանի այդ քայլը չի կրնար դրական ազդեցութիւն ունենալ թուրք–հոլանտական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ։

Ուշագրաւ է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մօտ կանգնած «Yeni Safak» թերթի կայքը, ինչպէս նաեւ «Anadolu» պետական լրատուական գործակալութիւնը՝ անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ որեւէ կերպ չեն յիշատակած ե՛ւ Հոլանտայի խորհրդարանի ընդունած որոշման բովանդակութիւնը ե՛ւ այդ որոշման՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հետ կապուած ըլլալու հանգամանքը։

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Հոլանտայի ներկայացուցիչներու պալատը՝ ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ՝ հաւանութիւն տուած էր բանաձեւի մը, որմով կը դատապարտուէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու պիտակաւորումը։ Միաժամանակ հոլանտական կառավարութիւնը պարտաւորեցուած էր այդ դիրքորոշման մասին տեղեկացնելու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։

Ինչպէս յայտնի է, 2019 Ապրիլ 24-ին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթէշեանին յղած ցաւակցական նամակին մէջ Էրտողանը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած 1․5 միլիոն հայերը համարած էր «1-ին համաշխարհային պատերազմի զոհեր»: Ձեռնարկներէն մէկուն ժամանակ ալ ան ընդգծած էր, որ շատեր այդ ժամանակահատուածին զոհուած են «հայկական հրոսակախումբերու եւ զինուած խմբաւորումներու» հրահրած անկարգութիւններուն հետեւանքով: