Վարչապետը Ընդունած է Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի եւ ՀԲԸՄ Նախաձեռնութեամբ Ստեղծուած Հետազօտական Խումբի Անդամները

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յունիս 12-ին,  ընդունած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի եւ ՀԲԸՄ նախաձեռնութեամբ ստեղծուած, Հայաստանի արհեստագիտական զարգացման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հետազօտութիւն իրականացնող խումբի անդամները:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպման մասնակցած են նաեւ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեանը, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեանը, ՀԱՀ նորընտիր նախագահ Կարին Մարգիտեսը, ՀԱՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լոուրէնս Փիթսը, ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի նախագահ Վազգէն Եագուպեանը, «Սինոփսիս Արմէնիա»-ի նախագահ Երուանդ Զօրեանը, Հայաստանի արհեստագիտական ուսումնասիրութեան ծրագրի գործադիր տնօրէն Արթուր Խալաթեանը եւ այլք:

Վարչապետը բարձր գնահատած է հետազօտական խումբի գործունէութիւնը եւ նշած, որ ՀՀ կառավարութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկը արհեստագիտական տնտեսութեան զարգացումն է: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է արհեստագիտական ոլորտի բարձրորակ մարդուժի պատրաստման ուղղութեամբ ծրագրերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը եւ աւելցուցած, որ գործադիրի ուշադրութեան կեդրոնին է բարձրորակ կրթական համակարգի կայացման խնդիրը: Վարչապետը աւելցուցած է, որ այդ նպատակով ոլորտին մէջ պիտի իրականացուին համալիր բարեփոխումներ: Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է հետազօտական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած անձերուն մեր երկրի արհեստագիտական զարգացման օժանդակելու համար:

Միջազգային տարբեր հեղինակաւոր գիտակրթական հաստատութիւններու փորձագէտները ներկայացուցած են Հայաստանի կրթական, տնտեսական եւ արհեստագիտական ոլորտներուն մէջ իրականացուած իրենց հետազօտութիւններուն արդիւնքները: Մասնաւորապէս, անդրադարձ եղած է հայկական ընկերութիւններու մրցունակութեան բաձրացման, կրթութիւն-գործարար կապի ամրապնդման, մասնագիտական կողմնորոշման հարցով միջնակարգ կրթութեան դերակատարութեան բարձրացման, թուային ուսուցման զարգացման հնարաւորութիւններուն:

Քննարկման ընթացքին տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակութիւն Հայաստանի արհեստագիտական առաջընթացին ուղղուած քայլերուն շուրջ: