Արցախի Տաղանդաւոր Գեղանկարիչներու Գործերու Ցուցադրութիւն Եւ Արցախեան Գորգերու Ու Ձեռային Աշխատանքներու Ներկայացում Պէյրութի Մէջ

Uncategorized, Հայաստան, Սփիւռք

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 12 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի տաղանդաւոր գեղանկարիչներու ցուցահանդէս, ինչպէս նաեւ «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան կողմէ արցախեան գորգերու եւ արցախեան ձեռագործ բազմաթիւ աշխատանքներու ներկայացում: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ դոկտ. Գրիգորիս եւ դոկտ. Գեղուհի Պողարեաններու, ինչպէս նաեւ  «Պի. Պի. Էյ. Սի.» դրամատան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Խօսք առաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ «այս ձեռնարկով հիմը կը դնենք Արցախի հետ մեր համագործակցութեան եւ վստահ ենք, որ այս անդրանիկ նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկային եւ մեր կապերը օրէ օր աւելի պիտի ամրապնդուին»: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ նախաձեռնութիւնը ունի խորիմաստ պատգամ, որովհետեւ Արցախ բոլոր ժամանակներէն աւելի կարիքը ունի հայութեան զօրակցութեան: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի Արցախի գրասենեակը իր կարգին այդ առաքելութեան գիտակից է եւ իր աշխատանքը կը ծաւալէ սահմանամերձ այն բոլոր գիւղերուն ու շրջաններուն մէջ, ուր ամէն օր կայ թշնամիին սարսափն ու ահազանգը:

Յ. Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Գրիգորիս եւ Գեղուհի Պողարեաններուն, որոնք միշտ ալ զօրավիգ են Համազգայինի բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ձեռնարկին ներկայ եղած «Պի. Պի. Էյ. Սի.» դրամատան եւ անոր տնօրէն Ղասսան Ասսաֆին եւ անոր կնոջ` Նենսի Բարիքեան-Ասսաֆին, որոնք համագործակցելով Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին հետ` մեծապէս կը քաջալերեն եւ նեցուկ կը կանգնին հայ մշակոյթին: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի մշակոյթի նախարարութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Համազգայինի գործին:

Խօսք առաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան: Ան խօսքին սկիզբը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ Արցախի մշակութային կեանքը լիբանանահայութեան ներկայացնել: Ան ըսաւ, թէ Արցախի մէջ միշտ ալ ապրած ու ստեղծագործած են տարբեր արուեստագէտներ, որոնք ի հեճուկս բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, կրցած են իրենց արուեստի գործերով Արցախի համբաւը բարձր պահել միջազգային հարթակներուն վրայ եւ իրենց ուրոյն տեղը գրաւել հայ մշակոյթի պատմութեան ոսկիէ էջերուն վրայ: Հակառակ այն փաստին, որ Արցախի սահմաններուն վրայ կը շարունակուի պատերազմը եւ զինուոր կը զոհուի, Արցախի մէջ կը տիրէ չակերտաւոր «խաղաղութիւն»-ը, բայց Արցախի մէջ նաեւ մշակութային կեանքը երբեք կանգ չէ առած: Արցախի մէջ մարդիկ կ՛ապրին, կը ստեղծագործեն եւ կը պայքարին ո՛չ միայն զէնքով, այլ նաեւ գրիչով ու ստեղծագործական հարուստ ներաշխարհով: Խօսքի աւարտին ան ըսաւ, թէ Արցախի մէջ մշակութային կեանքը միշտ խոր արմատներ ունեցած է, եւ այդ ստեղծագործական ջիղը վաղնջական ժամանակներէն փոխանցուած ու հասած է մինչեւ մեր օրերը եւ իր ծիլերը տուած է ներկայ սերունդին եւ արուեստագէտներու հոգիին մէջ:

Խօսք առաւ գեղանկարիչ Լիանա Քոչարեան: Ան ըսաւ, թէ Արցախի մէջ արուեստագէտները երկար տարիներ դիմակայելով բազում խնդիրներ, պատերազմ, շրջափակում եւ այլ սպառնալիքներ, կը ստեղծագործեն: Ան յայտնեց, որ հայ արուեստագէտը պէտք է մշակ հանդիսանայ, պէտք չէ ընկրկի մարտահրաւէրներուն դիմաց, այլ նորանոր ստեղծագործութիւններով պէտք է հայ մշակոյթը դարձնէ համաշխարհային քաղաքակրթութեան արժանի մաս: Ան հաստատեց, որ Արցախի գեղանկարիչները պատերազմի տարիներուն եւ այսօր իրենց մէկ ձեռքին ունին ինքնաձիգը, իսկ միւսին մէջ` վրձինը: Անոնք անկոտրում բնոյթի մարդիկ են, միաժամանակ եւ նուրբ ներաշխարհի տէր:  Խօսքի աւարտին ան ըսաւ, թէ ցուցահանդէսը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ իւրաքանչիւր գեղանկարիչի գործի միջոցով տեսնելու արցախցիի գեղեցիկ ուժով ներկայացուցած մարդկային բնաւորութիւննները եւ Արցախի բնութեան հարուստ նրբերանգները:

Խօսք առաւ «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան տնօրէն Սեւակ Խաչատրեան: Ան յայտնեց, որ պատիւ ունի Համազգայինի Արցախի գրասենեակին միջոցով ներկայ ըլլալու սփիւռքի ամէնէն պայծառ համայնքներէն մէկուն` Լիբանանի մէջ: Ան ըսաւ. «Համազգայինի միջոցով մեր ընկերութեան գորգերու նմուշներէն բերած ենք մեզի հետ: Արցախը կը նկատուի աշխարհի գորգագործական լաւագոյն կեդրոններէն մէկը: Այսօր ալ «Ղարաբաղ կարպետ»-ը կը շարունակէ այդ աւանդութիւնը պահպանել եւ աշխարհին ներկայացնել արցախեան լաւագոյն գորգերը: «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը ունի աւելի քան 100 աշխատողներ, որոնք կը ստեղծեն հրաշալիքներ գորգերու տեսքով: 2013-ին ստեղծուած ընկերութիւնը Արցախի իշխանութիւններուն պետական աջակցութեամբ նպատակ ունի պահպանել հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող արցախեան գորգագործութեան լաւագոյն աւանդութիւնները եւ գործազրկութեան դէմ դնել ապահովելով բազմաթիւ ընտանիքներու աշխատատեղեր»:

Խօսք առաւ արուեստագէտ Սաթենիկ Հայրիեան: Ան ըսաւ. «Համազգայինի հայրենանուէր գործունէութիւնը ինծի համար անչափ մեծ բացայայտում մըն էր, նոյնպէս շատ յուզուած եւ հիացած եմ ջերմ եւ հոգատար ընդունելութեան համար: Կը ցանկամ, որ ներկաները Արցախի մշակութային գործերը տեսնելով բացայայտումներ կատարեն Արցախի արուեստագէտներուն մասին»:

Խօսք առաւ երգիչ Արթուր Խաչենց: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ կարելիութիւն ունեցած է Արցախի կիսապատերազմական իրավիճակը ձգելու ու գալու Լիբանան, ծանօթանալու տեղւոյն հայութեան եւ ամուր կապեր ստեղծելու,  եղբայրանալու լիբանանահայերու հետ արուեստի ճամբով: Խօսքի աւարտին ան մեկնաբանեց «Հորովել» երգը:

Ձեռնարկի աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Ան ըսաւ, թէ հայութիւնը ժառանգած է քարտէս մը, որ որեւէ հայու մտքին մէջ չի տեղաւորուիր: Որեւէ երկրի որեւէ անկիւն, որեւէ հայ ընտանիք միշտ ալ կը սկսի իր շուրջ համախմբել ամբողջութիւն մը, որ կը կոչուի Հայաստան: Իւրաքանչիւր հայ իր ապրած երկրին մէջ ստեղծած է ու կը ստեղծէ փոքրիկ Հայաստան: Ան ըսաւ. «Մեր պատկերացուցած Հայաստանին մէջ կայ ներկայ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը` անկախ աշխարհի դիւանագիտական եւ քաղաքական իրողութենէն:  Այս ձեռնարկը Հայաստան – Արցախ – սփիւռք միութեան լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ: Վստահ եմ, որ այս ձեռնարկին մասին երբ իմանան արցախցի զինուորները, անոնք աւելի ոգեւորուած պիտի պաշտպանեն իրենց սահմանները»:

Ձեռնարկի ընթացքին երգիչ Արթուր Խաչենց մեկնաբանեց փունջ մը ազգային-հայրենասիրական երգեր: