Ատրպէյճանի Հետ Սահմանին Իրավիճակը Վերջին Օրերուն Համեմատաբար Կայուն է. Դաւիթ Տօնոյեան

Հայաստան

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւՂարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ իրավիճակը Յունիս 13-ի եւ նախորդ օրուան դրութեամբ համեմատաբար կայուն է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան` պատասխանելով հարցին, թէ ինչ իրավիճակ է սահմանին:

«Այս պահուն՝ երեկուան եւ այսօրուան զեկոյցներով՝ համեմատաբար կայուն վիճակ է»,- նշեց Տօնոյեանը:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ պատերազմի վտանգ` նախարարը վստահեցուց, եթէ պատերազմի սպառնալիքը անմիջական ըլլայ, ինքը անպայման կը տեղեկացնէ:

Լրագրողի այն դիտարկման, թէ կարծես անօդաչու թռչող սարքերու աշխուժութիւն կը նկատուի սահմանագիծին երկայնքով, նախարարը նշեց,- «Մեր անօդաչու թռչող սարքերն ալ կը թռչին ամբողջ երկայնքով»: