Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 101-րդ Տարեդարձի Նշում` Կիպրոսի Մէջ

Սփիւռք

Յունիս 9 -ին Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի մարզադաշտին մէջ հանդիսաւորապէս նշուած է Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակը, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի, Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի, ՀՕՄ-ի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղի, ՀՅԴ Կիպրոսի երիտասարդական միութեան, Լառնաքայի Հայ ակումբի, Լիմասոլի Հայ երիտասարդական միութեան, Ս. Աստուածածին երգչախումբի, Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի, «Նանոր» պարախումբի եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ նուագախումբի հովանաւորութեամբ:

Ձեռնարկին մասնակցած եւ ելոյթով հանդէս եկած է ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Ընդունելութիւն Կիպրոսի Խորհրդարանին Մէջ

Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլուրիսը  Յունիս 10-ին ընդունած է հայկական պատուիրակութիւն մը` մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեանի:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Կիպրոսի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեան, ՀՅԴ Կիպրոսի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան եւ Կիպրոսի Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Գազանճեան:

Յունիս 10-ին Կիպրոսի մէջ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մասնակցած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանի բացման: