Կարօ Փայլան Հարցումներ Ուղղած Է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարին

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանը Պոլսոյ հայաշատ Սամաթիա թաղամասին մէջ բնակող հայ կնոջ` 31 Մայիսի դանակահարութեան դէպքին առնչութեամբ հարցում ուղարկած է  Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին:

«Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին ուղղեցինք հետեւեալ հարցումները, որպէսզի անպատիժ չմնայ Սամաթիոյ մէջ հայ կնոջ մը դէմ գործուած ատելութեան յանցանքը»,- նշած է Փայլան: