Category: Սփիւռք
Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողները Հերոսներ Են Ու Նահատակներ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց ունեցած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ եւ առաջարկած, որ 22 Նոյեմբերը յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր […]
Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւններու Պատուիրակութիւնը Եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ն ու ԼԵՄ-ը Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Յուշագիրներ Յանձնեցին Հայաստանի Դեսպանատան
Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւններէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ` Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Իւրաքանչիւր միութենէ […]
Այս Պատերազմին Յաղթեցին Հայ Զինուորն ու Հայկական Սփիւռքը. Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակ
Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը Facebook-ի իր էջով տարածած է յայտարարութիւն՝ նշելով, որ պատերազմի ընթացքին Սփիւռքի քաղաքական, լոպպիստական աշխատանքը ապարդիւն չէ անցած, եւ անիկա այսօր եւս կը շարունակուի: «Սփիւռքի սիրելի քոյրեր […]
Նոյեմբեր 22-ին Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ Զոհուածներու Յիշատակի Արարողութիւն Պիտի Իրականացուի
Նոյեմբեր 22-ին հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի արցախեան պատերազմին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի արարողութիւն: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ յիշատակի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, պիտի կատարուի […]
Լոյս Տեսաւ Դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը»
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատան «Հայակական Շարք»ին 11-րդ հատորը լոյս տեսաւ։ Անիկա Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանի հեղինակած՝ «Մուսա Լերան Հայերը» (The Armenians […]
ՀՐԱՏԱՊ. «Աւրորա»ն Կը Սկսի Մարդասիրական Ծրագրեր Իրականացնել՝ Ուղղուած Արցախի Բնակչութեան, Եւ Կը Սկսի Յայտերու Ընդունում
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը անյապաղ կը սկսի մարդասիրական ծրագրեր իրականացնել՝ օգնելու արցախեան պատերազմէն տուժած երեխաներուն եւ մեծահասակներուն: Աջակցութեան առաջին ծրագրերը պիտի յայտարարուին այսօր՝ 2020 թ. Նոյեմբեր 18-ին: Բացի այդ, «Աւրորա»ն պատրաստ […]
Նեւատայի Քլարք Շրջանը Ճանչցած է Արցախի Անկախութիւնը
ԱՄՆ-ի Նեւատա նահանգի Քլարք շրջանը, ուր կը գտնուի աշխարհահռչակ Լաս Վեկաս Սթրիփը, ներկայացուցած է Արցախը պաշտօնապէս ճանչցող հռչակագիր։ Այս մասին կը յայտնէ Հայ Դատի արեւմտեան տարածաշրջանի յանձնախումբը (ANCA-WR): Ձեռնարկին ներկայ […]
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը
Մենք բոլորս վրդոված ենք արցախեան պատերազմի արդիւնքներէն, որոնք վերջին 45 օրերուն ընթացքին խլեցին մեր բազմաթիւ հերոս զինուորներու կեանքը առաջնագծին վրայ: Մեր քաջարի զինուորները եւ հայրենակիցները ի վերջոյ բախեցան ցեղասպանութիւն քարոզող […]
Կը Պահանջենք Նիկոլ Փաշինեանի Անյապաղ Հրաժարականը. Թեհրանի եւ Սպահանի Հայոց Թեմերու Առաջնորդներ
Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմերու առաջնորդներուն կոչ-նամակը՝ ԻԻՀ-ի մէջ՝ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ա. Թումանեանին Արցախեան 45-օրեայ պատերազմի հանգուցալուծման կապակցութեամբ, թուականիս Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած սահմռկեցուցիչ համաձայնագիրը ցնցեց բոլորիս հոգին։ […]
Դառնալ Ջատագով Մեր Ժողովուրդի Միասնութեան, Զօրավիգ Կանգնիլ Հայաստանի ու Արցախի Մեր Սիրելի Ժողովուրդին. Յայտարարութիւն
Մեր ժողովուրդը ծանր օրեր կ’ապրի: Անցնող 44 օրերու ընթացքին Արցախի մէջ կորսնցուցինք հերոս զինուորներ, մեր ժողովուրդի աղօթքով ու արիւնով շաղախուած սրբավայրեր ու եկեղեցիներ. մանաւանդ կորսնցուցինք հսկայ տարածքներ: Սակայն, չկորսնցուցինք մեր […]










