Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Մենք բոլորս վրդոված ենք արցախեան պատերազմի արդիւնքներէն, որոնք վերջին 45 օրերուն ընթացքին խլեցին մեր բազմաթիւ հերոս զինուորներու կեանքը առաջնագծին վրայ: Մեր քաջարի զինուորները եւ հայրենակիցները ի վերջոյ բախեցան ցեղասպանութիւն քարոզող ատրպէյճանաթրքական ռազմաճակատի անյաղթահարելի ուժերուն հետ:

Հիմա մենք բոլորս մտահոգուած ենք Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրով, որ հետեւանքներ պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի, ու նաեւ ամբողջ հայ ժողովրդի ապագային նկատմամբ:

Նկատի ունենալով հայրենիքի մէջ լարուած ծանր իրավիճակը, պատերազմը եւ անոր հետեւանքները, ներկայի տնտեսական ճգնաժամը, տակաւին չյաղթահարուած համաճարակը, ձմրան ցուրտին ընդառաջ հազարաւոր տեղահանուածներու, անօթեւաններու կեցութեան պայմաններ ապահովելու հիմնահարցը՝ կոչ կ՛ուղղենք Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, անկախ իրենց քաղաքական հայեացքներէն կամ կուսակցական պատկանելիութենէն, յանուն մեր նահատակ հերոսներուն եւ վիրաւորներուն՝ շարունակել սատարել Հայաստանին եւ Արցախին, մասնակցիլ պետականութեան հզօրացման։

Եկէ՛ք միասնական նուիրումով, համախոհութեամբ եւ համերաշխութեամբ մեր խոնարհումը, երախտիքը եւ յարգանքի տուրքը մատուցենք մեր մայրերուն, քոյրերուն, այրիներուն եւ ընտանիքներուն:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ