Ֆրանսայի 15 Քաղաքապետեր Արցախը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընեն Կառավարութեան Եւ Այլ Երկիրներու

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայի 15 քաղաքապետեր միացեալ յայտարարութեամբ ճանչցան Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Ֆրանսայի կառավարութեան ու միջազգային հանրութեան կոչ ըրին, որ նոյնպէս ճանչնան Արցախը՝ դատապարտելով Արցախի դէմ Պաքուի եւ Անգարայի բռնարարքները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Յայտարարութիւնը ստորագրած են Վալանսի, Տեսինի, Վիենի, Սոն Շամոնի, Քոմփիէյնի,  Պուք-Պել-Էրի, Լէ Փեն-Միրապոյի, Շավիյի, Ալֆորվիլի, Շան-Սիւր-Մարնի, Ռոման-Սիւր-Իզեղի, Պուրկ-լե-Վալանսի, Պուրկ-տը-Փէաժի, Շատիւզանժ-լը-Կուպէի եւ Կիլերան-Կրանժի քաղաքապետերը։