Նեւատայի Քլարք Շրջանը Ճանչցած է Արցախի Անկախութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ-ի Նեւատա նահանգի Քլարք շրջանը, ուր կը գտնուի աշխարհահռչակ Լաս Վեկաս Սթրիփը, ներկայացուցած է Արցախը պաշտօնապէս ճանչցող հռչակագիր։ Այս մասին կը յայտնէ Հայ Դատի արեւմտեան տարածաշրջանի յանձնախումբը (ANCA-WR):

Ձեռնարկին ներկայ եղած են ԱՄՆ-ի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը եւ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս, դոկտոր Արմէն Պայպուրթեանը: