Category: Սփիւռք
Կը Միանանք ՀՅԴ Գերագոյն Մարնի Փրկութեան Ճանապարհային Քարտէսին. ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը
Նոյեմբեր 9-ին հրապարակուած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան վրայէն անցած է արդէն շաբաթ մը ու անոր առթած ցնցումն ու յաջորդող իրավիճակը՝ օրէ օր կը դառնան աւելի ու աւելի […]
Հայ Ժողովուրդի Ազգային Անվտանգութիւնը Կարմիր Գիծ Է. ՌԱԿ
Հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ վերջին աւելի քան 100 տարուայ ընթացքին ապրած արհաւիրքներէն ամենացաւոտ հանգրուանը: Մենք այսօր չունինք Արցախի Հանրապետութեան շուրջ երեք քառորդը: Այնտեղ գտնուող մեր դարաւոր եկեղեցիներուն զանգերը չեն ղօղանջեր […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կոչ Ուղղեց Մերժելու Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Միջեւ Ստորագրուած Փաստաթուղթը Եւ Հեռու Մնալու Ներքին Ցնցումներ Յառաջացնող Քայլերէ
Կիրակի, 15 Նոյեմբերին Անթիլիասի մայրավանքէն հայ ժողովուրդին ուղղած իր հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց «մերժելու օրհասական պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եւ փաստօրէն […]
Պէտք է Մերժել Վտանգալից Հետեւանքներով Յղի Փաստաթուղթը. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին վճռադրոշմ պահեր կրցած ենք դիմագրաւել՝ ամուր հաւատքով ու կամքով եւ հեռատես մօտեցումով։ Ներկայ պահը մեր ազգի ու հայրենիքի ժամանակակից պատմութեան մէջ աւելի քան ճակատագրական է։ […]
Լարիսայի եւ Տիտիմոթիքոյի Քաղաքապետութիւնները Կը Կանգնին Արցախի Կողքին
Երկու քաղաքապետութիւններ եւս կուգան միանալու Յունաստանի մեծ թիւով քաղաքներու կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծուած պատերազմի դատապարտումին, որ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր կը շարունակուի առանց դադարի։ «Ազատ օր»-ի տեղեկութիւններով՝ երկու […]
Քառասնօրեայ Հոգեհանգիստ՝ Արցախի Անմահ Հերոսներու Յիշատակին
Սեպտեմբեր 27-ի Արցախեան մեր հայրենիքին վրայ Ատրպէյճանի կառավարութեան շղթայազերծած պատերազմէն արդէն իսկ քառասուն օրեր անցած են, եւ մեր ժողովուրդը դիւցազնական ոգիով կը շարունակէ պայքարիլ այս ոտնձգութեան դէմ, որ կը վայելէ […]
Հայերու Դիմադրութիւնը Անոնց Հայրենասիրութեան Մէջ Է. Պոնտական Թերթի Անդրադարձը
Արցախի վրայ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած պատերազմի սկիզբէն, Յունաստանի մէջ գործող պոնտական միութիւնները եւ լոյս տեսնող մամուլը կանգնած են հայութեան կողքին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։ Անոնցմէ […]
Ալթունեանի Ցուցահանդէսը Ի Նպաստ Արցախին
Ուրբաթ՝ 30 Հոկտեմբերին, բացումը կատարուեցաւ հանրածանօթ գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Գագիկ Ալթունեանի մարդասիրական ցուցահանդէսին, Աթէնքի մէջ։ «Ազատ օր»-ի տեղեկութիւններով՝ մեծ թիւով կտաւներու ցուցադրութեամբ, յայտնի արուեստագէտը կը ներկայացնէ իր մեծ տաղանդը եւ […]
Մարդասիրական Օգնութեան Հաւաքագրում Յունաստանի Տարածքին. Թեւ ու Թիկունք Դառնանք Արցախի Հերոս Ժողովուրդին
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Մակեդոնիոյ և Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային վարչութիւնները կու գան տեղեկացնելու մեր հայրենակիցներուն, թէ արդէն սկսած է մարդասիրական օգնութեան հաւաքագրման ու մատակարարման աշխատանք:Գոյացած օգնութիւնը պիտի […]
Հոկտեմբերի 30-31-ին Տեղի Ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտ» Հիմնադրամի Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հետ Համատեղ «Կիլիկիան Եւ Կիլիկիահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին» Միջազգային Գիտաժողովը
1920-1921 թթ. Կիլիկիայի ինքնապաշտպանական մարտերի հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած «Կիլիկիան եւ կիլիկիահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներին» գիտաժողովի բացման արարողութեանն օրհնութեան խօսք յղեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարանների տնօրէն տէր […]










