Մարդասիրական Օգնութեան Հաւաքագրում Յունաստանի Տարածքին. Թեւ ու Թի­կունք Դառ­նանք Ար­ցա­խի Հե­րոս Ժո­ղո­վուր­դին

Հայաստան, Սփիւռք

Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ ­Մա­կե­դո­նիոյ և Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րը կու գան տե­ղե­կաց­նե­լու մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, թէ ար­դէն սկսած է մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան հա­ւա­քագր­ման ու մա­տա­կա­րար­ման աշ­խա­տանք:
Գո­յա­ցած օգ­նու­թիւ­նը պի­տի ա­ռա­քո­ւի յա­ջոր­դող օ­րե­րուն Ար­ցախ ու ­Հա­յաս­տան, մեր ժո­ղո­վուր­դին կա­րիք­նե­րը գո­հաց­նե­լու նպա­տա­կով:
Ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նին՝ ­Վար­չու­թիւն­ներս նա­մակ­նե­րով եւ անձ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով դի­մած են ­Յու­նաս­տա­նի կա­րե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ ա­ռեւտ­րա­կան խո­շո­րա­գոյն ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու, ա­պա­հո­վե­լու հա­մար մեծ քա­նա­կու­թեամբ դե­ղեր, բժշկա­կան եւ այլ անհ­րա­ժեշտ ի­րեր, ո­րոնց պա­հան­ջը մե­զի փո­խան­ցո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ:
Այս հանգ­րո­ւա­նի ամ­բող­ջա­ցու­մէն ետք, պի­տի դի­մո­ւի ­Յու­նաս­տա­նի մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, անհ­րա­ժեշտ ի­րե­րու յստակ ցան­կե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով, որ­պէս­զի բո­լորս մեր կա­րե­լին կա­տա­րե­լով, ան­մի­ջա­կան ու փաս­տա­ցի օգ­նու­թիւն ըն­ծա­յենք Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մեր եղ­բայր­նե­րուն ու քոյ­րե­րուն:
Աշ­խա­տան­քը պէտք է կա­տա­րո­ւի հա­մադ­րո­ւած ու կազ­մա­կեր­պուած կեր­պով, որ­պէս­զի մեր կող­մէ հան­գա­նա­կո­ւած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ծա­ռա­յէ մեր ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­կան կա­րիք­նե­րուն: Այս գծով ար­դէն, յա­ջոր­դող օ­րե­րուն լրա­ցու­ցիչ յայ­տա­րա­րու­թեամբ պի­տի ներ­կա­յացնենք անհ­րա­ժեշտ ի­րե­րու ցանկ, ինչ­պէս նաեւ գա­ղու­թա­յին մեր բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հաս­ցէ­ներն ու տո­ւեալ­նե­րը, ուր կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ յանձ­նել ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ տրա­մադ­րո­ւող ան­հա­տա­կան օգ­նու­թիւ­նը:
­Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,
­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ Ս­փիւռք միա­ւո­րու­մով՝ պի­տի յաղ­թա­հա­րենք մեր հայ­րե­նի­քի դի­մագ­րա­ւած ճգնա­ժա­մը։ Իւ­րա­քան­չիւրս իր կար­գին, ի­րեն վստա­հո­ւած ա­ռա­քե­լու­թեամբ եւ բարձ­րա­գոյն պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, կրկին ան­գամ ձա­խո­ղու­թեան պի­տի մատ­նենք մեր թշնա­մի­նե­րուն բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը:
­Միաս­նա­կան ջան­քե­րով եւ ազ­գա­յին խո­րունկ գի­տակ­ցու­թեամբ պի­տի կա­տա­րենք մեր պարտ­քը մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յին, ե­կող սե­րունդ­նե­րուն, մեր հե­րոս զի­նո­ւոր­նե­րուն հան­դէպ:
Ու­րիշ այ­լընտ­րանք չու­նինք:

#­Յաղ­թե­լո՛ւ ենք:

­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խաչ
­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խաչ