Ազրպէյճանի Մէջ Այս Պահուն Կը Պահուի 21 Հայ Ռազմագերի

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ Քննչական կոմիտէի հաստատուած տուեալներով` այս պահուն Ազրպէյճանի մէջ կը պահուի 21 հայ ռազմագերի։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Նոյեմբեր 5-ին կայացած ասուլիս մը ընթացքին ըսած է ՀՀ ՔԿ քրէագիտական վարչութեան պետ Ռաֆայէլ Վարդանեան:

«Այդ տուեալները անընդհատ կը փոփոխուին, կան տուեալներ, որոնք ճշգրտման փուլի մէջ են։ Կայ երկու անձի վերաբերեալ տուեալ, որ կը ճշգրտուի։ ՄԻԵԴ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցչութեան եւ անհատ իրաւապաշտպաններու կողմէ դիմումներ կը ներկայացուին ՄԻԵԴ, որպէսզի կիրառուի հրատապ միջոց եւ Ազրպէյճանին պարտաւորեցուի ներկայացնելու յստակ տուեալներ, ինչպէս նաեւ ապահովել հայ ռազմագերիներու մարդասիրական բոլոր չափանիշերու պահպանումը: Այսինքն, որպէսզի  անոնք չխոշտանգուին, ստանան անհրաժեշտ բուժօգնութիւն»,- ըսած է Վարդանեան: