Ալթունեանի Ցուցահանդէսը Ի Նպաստ Արցախին

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Ուր­բաթ՝ 30 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ հան­րա­ծա­նօթ գե­ղան­կա­րիչ եւ քան­դա­կա­գործ ­Գա­գիկ Ալ­թու­նեա­նի մար­դա­սի­րա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին, Ա­թէն­քի մէջ։ «Ազատ օր»-ի տեղեկութիւններով՝ մեծ թի­ւով կտաւ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեամբ, յայտ­նի ա­րո­ւես­տա­գէ­տը կը ներ­կա­յաց­նէ իր մեծ տա­ղան­դը եւ ա­նոնց հա­սոյ­թը կը տրա­մադ­րէ ­Հա­յաս­տան հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի ֆոն­տին՝ Ար­ցա­խի օգ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մար։

Ինչ­պէս ար­դէն նշած էինք մեր նա­խորդ թի­ւե­րով, ցու­ցադ­րո­ւած կտաւ­նե­րը կը վա­ճա­րո­ւին ի­րենց գի­նին 50%-70% զեղ­չով։

­Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ 13 ­Նո­յեմ­բեր, «Το Γκαλλεράκι» ցու­ցաս­րա­հին մէջ, ­Քի­ֆի­սիաս 207, ­Մա­րու­սի։