Նոյեմբեր 22-ին Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ Զոհուածներու Յիշատակի Արարողութիւն Պիտի Իրականացուի

Հայաստան, Սփիւռք

Նոյեմբեր 22-ին հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի արցախեան պատերազմին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի արարողութիւն:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ յիշատակի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, պիտի կատարուի Սուրբ Պատարագէն ետք՝ ժամը 13։30-ին, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մօտ։

Նշենք, որ յիշատակի արարողութեան համար կոչով հանդէս եկած էին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը: