Այս Պատերազմին Յաղթեցին Հայ Զինուորն ու Հայկական Սփիւռքը. Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակ

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը Facebook-ի իր էջով տարածած է յայտարարութիւն՝ նշելով, որ պատերազմի ընթացքին Սփիւռքի քաղաքական, լոպպիստական աշխատանքը ապարդիւն չէ անցած, եւ անիկա այսօր եւս կը շարունակուի:

«Սփիւռքի սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, պատերազմի ողջ ընթացքին մենք ականատես եղանք համահայկական, համասփիւռ աննախադէպ համախմբման եւ զօրաշարժի: Սփիւռքը իրապէս դարձաւ Հայաստանի եւ հայ ազգի միակ հենքն ու ապաւէնը աշխարհի մէջ: Ամենուր, ուր հայ կ՝ապրի, պայքար եղաւ յանուն հայրենիքի, յանուն Արցախի եւ յանուն հայ ժողովուրդի:

Օգնութիւնը տարատեսակ էր. նիւթական, կամաւորական, բժշկական, հոգեբանական, ռազմական, քաղաքական եւ յաճախ նաեւ դիւանագիտական: Սփիւռքը որոշ չափով նոյնիսկ լրացուց այն մեծ բացը, որ զուտ պետութեան տիրոյթին մէջ էր: Մինչ օրս ալ չեն դադրիր Հայաստան հասնիլ Սփիւռքէն ուղարկուող մարդասիրական բեռները՝ նոյնիսկ հայրենիքէն ամենահեռու համայնքներէն:

Ազնիւ նուիրման եւ հայրենասիրութեան ամենապայծառ օրինակներ էին այն կամաւորները, որոնք պատերազմի օրերուն Սփիւռքէն մեկնեցան Արցախ: Անոնցմէ ոմանք զոհեցին կեանքը, ուրիշներ վիրաւորուեցաւ, բայց չլքեցին իրենց դիրքերը: Թիկունքի սպիտակ բանակին մէջ՝ բժիշկներու շարքերուն մէջ, քիչ չէին սփիւռքահայ բժիշկները, բուժաշխատողները, որոնց մէկ մասը այսօր ալ կը շարունակէ մնալ մեր վիրաւոր զինուորներու կողքին:

Դժուար է յիշել Հայաստանի մէջ ձեռնարկուած որեւէ խոշոր կամաւորական նախաձեռնութիւն, ուր ներգրաւուած չըլլային Սփիւռքէն ժամանած մեր հայրենակիցները: Կասկածէ վեր է, որ Սփիւռքի քաղաքական, լոպպիստական աշխատանքը ապարդիւն չէ անցած, եւ անիկա այսօր ալ կը շարունակուի:

Պատերազմի դաժան օրերուն, երբ աշխարհը լքեց Հայաստանը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ռազմական յարձակման դէմ, Սփիւռքը մնաց Հայաստանի միակ պատուհանը դէպի արտաքին աշխարհ, միակ կապը մարդկութեան հետ, միակ յոյսը եւ հաւատի ակունքը:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, դաժան է պարտութիւնը, եւ մեր բոլորիս վէրքերը շատ խորն են: Բայց ձեր անուրանալի աջակցութեան, հայրենիքի կողքին ու թիկունքին ըլլալու անդրդուելիութեան, անմնացորդ պայքարի համար կը յայտնենք մեր անկեղծ երախտագիտութիւնը: Շնորհակալ ենք ձեր իւրաքանչիւր ջանքի համար, շնորհակալ ենք ձեր սիրոյ, հոգատարութեան, հայրենասիրութեան համար:

Այս պատերազմին պարտուեցանք բոլորս, սակայն յաղթեցին հայ զինուորն ու հայկական Սփիւռքը: Պայքարը կը շարունակուի, եւ մենք միասին շատ մեծ ընելիքներ ունինք: Գօտեպնդուինք, վեր յառնենք մոխիրներէն, փառաւորուինք մեր նահատակներուն սխրանքով եւ շարժինք առաջ»: