Category: Հայաստան
Վարդատօնը՝ Արցախի «Գրիգոր Նարեկացի» Համալսարանէն Ներս
Արցախի Հանրապետութեան «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանին նախաձեռնութեամբ՝ Մայիս 14-ին, կազմակերպուած է միջնադարի հայ մեծ բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած Վարդատօն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի եւ […]
Հաթերքի Մէջ Իրականացաւ «Ժենգեալով Հաց»-ի Ամենամեայ 2-րդ Փառատօնը
Արցախի Հանրապետութեան Հաթերք գիւղին մէջ, Մայիս 12-ին, տեղի ունեցաւ «Ժենգեալով հաց»-ի փառատօնը։ Այս մասին կը հաղորդէ http://nt.am-ը։ Երկրորդ անգամ իրականացուող փառատօնը կազմակերպուած էր «Էկոտուրիզմն Արցախում» նախաձեռնութեան եւ «Հզօր Հաթերք» ծրագրի […]
ՀՀ ԱԳ Նախարարը Արեւելեան Գործընկերութեան 10-ամեակին Նուիրուած Հանդիսութեան Ընթացքին Ելոյթ Ունեցած է
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Պրիւքսէլի մէջ ելոյթ ունեցած է Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակին նուիրուած «Հայեացք դէպի ապագայ. Արեւելեան գործընկերութեան ապագան` աւելի ուժեղ տնտեսութիւններու, կառավարման, կապերու եւ հասարակութիւններու միջոցով» խորագիրով […]
«Happy Traveller» Հաղորդաշարը Հայաստան կը Ճամբորդէ
Յունական «ΣΚΑΙ» հեռատեսիլէն սփռուող «Happy Traveller» հաղորդաշարը, որ կը ներկայացնեն հանրածանօթ հաղորդավարներ՝ Էֆթիխիս Պլեցաս եւ Իլեքթրա Ասթերի, Շաբաթ՝ 18 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 4-ին, պիտի ներկայացնեն դէպի Հայաստան իրենց ճամբորդութիւնը, […]
Տեղի Պիտի Ունենայ «Արի տուն-2019» Ծրագիրը
Սփիւռքի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ․ Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Յուլիս 1-էն Օգոստոս 25 Հայաստանի մէջ 4 փուլերով պիտի իրականացուի երկշաբաթեայ ուսումնաճանաչողական «Արի տուն» Ծրագիրը: Ծրագիրի մասնակիցները 14 օր պիտի ապրին Երեւանէն ոչ հեռու […]
Հայաստան Մասնակցած է Հաագայի Գինիի Փառատօնին
Հաագայի Crown Plaza Promenade հիւրանոցային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է Dimplomat Magazine-ի կողմէ կազմակերպուած ամենամեայ Diplomats Wine Extravaganza փառատօնը, որուն առաջին անգամ ներկայացուած է Հայաստանը՝ ի դէմս Royal Beverages Group […]
Ռոպերթ Քոչարեանի Պաշտպանները Ինքնաբացարկի Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Են Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին
Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանները ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցած են Քոչարեանի եւ միւսներու գործով նախագահող դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին: Մայիս 13-ին կայացած նիստին այս մասին ըսած է Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ալումեան: […]
Մայիս 18-ին Հայաստանի եւ Արցախի 100-էն Աւելի Թանգարաններու Մուտքը Անվճար Պիտի Ըլլայ
Մայիս 18-ին պիտի նշուի Թանգարաններու միջազգային օրը եւ Թանգարաններու գիշեր համաեւրոպական նախաձեռնութիւնը, որ այս տարի Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ արդէն 16-րդ, իսկ Արցախի մէջ 7-րդ անգամ` ներգրաւելով 100-է աւելի […]
Մնացականեան Կարեւոր Նկատած Է Եւրոպական Միութեան Շարունակական Աջակցութիւնը` Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքին
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Մայիս 13-ին մասնակցած է Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան շարունակական աջակցութիւնը […]
Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի Մէջ Կարճ Հանդիպում Մը Ունեցած է Իլհամ Ալիեւի Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ մասնակցած են Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած պաշտօնական ընթրիքին: […]










