Մայիս 18-ին Հայաստանի եւ Արցախի 100-էն Աւելի Թանգարաններու Մուտքը Անվճար Պիտի Ըլլայ

Հայաստան

Մայիս 18-ին պիտի նշուի Թանգարաններու միջազգային օրը եւ Թանգարաններու գիշեր համաեւրոպական նախաձեռնութիւնը, որ այս տարի Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ արդէն 16-րդ, իսկ Արցախի մէջ 7-րդ անգամ` ներգրաւելով 100-է աւելի թանգարաններ:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ մշակոյթի նախարարութենէն:

Թանգարանների միջազգային օրը հիմնուած է Թանգարաններու միջազգային խորհուրդին (ICOM) կողմէ 1977-ին` նպատակ ունենալով համախմբելու թանգարանները հասարակութեան եւ մարդկութեան առջեւ ծառացած համաշխարհային մարտահրաւէրներու շուրջ, միաժամանակ բարձրացնելու հանրային իրազեկուածութիւնը` այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ լուծման ուղղուած թանգարաններու կարեւորագոյն դերի եւ հնարաւորութիւններու մասին: